«Երկիր».- ՀՀ Պաշտպանութեան  մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան գրած է, որ հակառակորդը հրետանի  կիրառած է Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Շատուան գիւղին ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ հարուածային ԱԹՍ-էն հրթիռ  արձակած է Մեծ Մասրիկ բնակավայրին վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած է 1967 թ․ ծնեալ Գէորգ Վարդանեան, երկու քաղաքացիական անձ ստացած է տարբեր աստիճանի վիրաւորում:

ՀՕՊ-ի ուժերը տուեալ տարածաշրջանին մէջ ոչնչացուցած են հակառակորդի երեք ԱԹՍ, Մեծ Մասրիկ բնակավայրին հրթիռային հարուած հասցուցած անօդաչուն: