Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Առաջնորդներու Ժողովը, որ քրիստոնէութեան համագործակցութեան իւրայատուկ արտայատութիւն մը կը հանդիսանայ, ամսական հերթական նիստը գումարեց Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2020-ին, Հալէպի Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդարանէն ներս, հիւրընկալութեամբ Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերաշնորհ Պութրոս Քասիս Եպիսկոպոսի, ներկայութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, ընկերակցող հոգեւորականներու եւ համայնքային ներկայացուցիչներու։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի հրաւէրով՝ նիստին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հեղինակած՝ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» հատորի արաբերէն թարգմանութեան թարգմանիչ, հալէպահայ գրող դոկտոր Հուրի Ազէզեան։

Նիստի բացման աղօթքին յաջորդեց Գերաշնորհ Պութրոս Քասիս Եպիսկոպոսի բացման խօսքը։ Ան քրիստոնէական սիրով ողջունեց ներկաները, հակիրճ անդրադարձաւ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ դիմագրաւած նորօրեայ տարաբնոյթ մարտահրաւէրներուն եւ ընդգծեց քրիստոնէական հաւատքով ամրապնդուած՝ միասնաբար զանոնք դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը։

Նախորդ նիստի ատենագրութեան վաւերացումէն ետք, ներկաներուն կողմէ տեղի ունեցան խորհրդակցութիւններ եւ կարծիքներու փոխանակում, քննարկուեցան օրուան օրակարգի կէտերը, ուր առաջնահերթութեան կարգով ընդգրկուած էին Սուրիական Հայրենիքի ներկայ ճակատագրական կացութեան շրջագիծէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու բազմաբնոյթ գործունէութեանց հետ առնչուած հարցեր։

Հոգեւոր առաջնորդները, անձնապէս եւ յանուն իրենց գլխաւորած համայնքներուն, շնորհաւորեցին Հալէպի Վաճառականական Պալատի նորընտիր կազմը, շեշտելով քրիստոնեայ տարրին մասնակցութեան կարեւորութիւնը սուրիական պետական-կառավարական շրջանակներէ ներս, յատկապէս վերականգնումի այս փուլին, երբ իւրաքանչիւր սուրիացի քաղաքացի հրաւիրուած է իր հնչեղ լուման ձգելու Սուրիոյ վերաշինութեան, վերակազմակերպման եւ վերազարգացման անյետաձգելի գործին։

Վերոյիշեալ բոլորակէն ներս, հոգեւոր առաջնորդները առանձնաբար խօսեցան իրենց համայնքներէն ներս ծաւալած վերականգնումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն, առկայ դժուարութիւններուն եւ ապագայի ծրագրումներուն մասին, Սուրիական Հայրենիքին կառչած մնալու հաստատ համոզումով։ Ինչպէս նաեւ, բոլորին կողմէ վերահաստատուեցաւ COVID-19 համավարակին դէմ դնելու շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ յարգելով կանխարգիլման եւ կանխազգուշական բոլոր միջոցառումները։

Գերաշնորհ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան իր կարգին խօսք առնելով, փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնները, յայտնելով որ մօտիկ անցեալին գտնուելով Անթիլիասի մէջ ինք անձամբ կրնայ բոլորին փոխանցել շնորհաբաշխ Վեհին անվերապահ զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը սուրիացի ժողովուրդին ընդհանրապէս, եւ Հալէպի տակաւ պայքարող ժողովուրդին մասնաւորապէս։

Ապա դոկտոր Հուրի Ազէզեան ամփոփ տողերով ներկայացուց Արամ Ա. Կաթողիկոսի «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» խորագրեալ հատորը՝ անդրադառնալով գիրքին մասնաւորապէս հանրագիտարանային բացառիկ բնոյթին, ուր Վեհափառ Հայրապետը – որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ազգընտիր Հովուապետ, հմուտ Վարչագէտ, միջազգային դէմք դարձած հայ Էքիւմէնիստ, համաշխարհային բարձրագոյն մակարդակներ նուաճած Արեւելեան-Ուղղափառ ուշագրաւ Աստուածաբան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեան Մարդ, հրաւէրի, հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան անձ, որ խորասոյզ մօտեցումով յաջողած է քայլ պահել արդի աշխարհի անհասանելի սլացքին հետ, եւ Աւետարանն ու քրիստոնէական հաւատքը պատշաճեցնել նոր օրերու պահանջներուն -, յստակ ու յանդուգն կերպով եւ առարկայական մօտեցումով խօսած է Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, նուիրապետական կարգերուն, հաւատքի հիմունքներուն, հարուստ ծէսին, ծաւալուն գործունէութեան մշակութային, քրիստոնէական դաստիարակութեան, ընկերային ծառայութեան, կրթական, յարաբերական տարածքներուն, հրատարակչատան մասին, միաժամանակ ներկայացնելով Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ ժամանակներու առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները, ի խնդիր անոր նուիրական առաքելութեան պահպանման եւ արդիականացման, նոյնինքն հայ երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեամբ։

Դոկտոր Հուրի Ազէզեան աւարտին յայտնեց նաեւ գիրքին արաբերէն եւ այլ լեզուներու թարգմանութիւններուն  կարեւորութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Գերաշնորհ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանին, Ժողովին, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք քաջալեր հանդիսացած էին այս թարգմանութեան։

Ներկաներուն բաշխուած գիրքի օրինակները ընդունուեցան խոր գնահատանքով եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղուած արեւշատութեան ու նորանոր նուաճումներու ջերմ մաղթանքներով։

Ժողովը վերջ գտաւ փակման հաւաքական աղօթքով։