Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Քոնկրէսական Ճեքի Սփիըր միացած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի արարքին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ միջամտութիւնը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւին:

Ամերիկացի քոնկրէսական Ճեքի Սփիըր իր գործընկերներուն հետ ներկայացուցած է բանաձեւ, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւն ընդդէմ Արցախին, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ այդ յարձակումը Թուրքիոյ մասնակցութեան ու իրավիճակի սրումին:

ինչպէս կը հաղորդէ ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը, բանաձեւի համահեղինակներն են Ատամ Շիֆ, Ֆրենկ Պալոն, Կուս Պիլիրաքիս, Պրետ Շերման, Աննա Էշուն, Տեւիտ Սիսիլին, Զոէ Լոֆրեն: Այս բանաձեւը կ’արտացոլէ քոնկրէսի երկու կուսակցութիւններու անդամներուն կողմից Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակման դատապարտումը:
Վերջինս ընդգծած է, որ քոնկրէսը գործի անցած է, սակայն նախագահի վարչակազմը քայլեր չէ ձեռնարկած Պաքուի անխոհեմ արարքին կամ Թուրքիոյ յամառ միջամտութեան դէմ դուրս գալու համար:

Հարաւային Ամերիկա
Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբէն կը տեղեկացնեն, որ աշխոյժ աշխատանքներու հետեւանքով Չիլիի Խորհրդարանը ընդունած է Արցախին սատարող բանաձեւ, որով երկրի նախագահին կոչ ուղղած է «Տեղեկացնել Ատրպէյճանին, Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին, որ Չիլին կոչ ուղղած է անյապաղօրէն դադրեցնել յարձակումները եւ շարունակել հակամարտութեան խաղաղ, իրաւական եւ պատմական լուծում փնտռելով ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ` միջազգային օրէնսդրութեան եւ ուժի կիրառման արգիլման, ազգերու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներուն համապատասխան»: Չիլիի օրէնսդիրները նաեւ խստօրէն քննադատած են «Հակամարտութեան կողմ չհանդիսացող որեւէ կառավարութեան կողմէ ռազմական գործողութիւններուն աջակցելու եւ ռազմական օգնութիւն առաջարկելու գործողութիւնները»:

Եւրոպա
ՊԵլճիքայի հայ համայնքը Եւրոպական Միութեան ղեկավար հաստատութիւններուն առջեւ իրականացուցած է բողոքի խաղաղ ցոյց` կոչ ուղղելով գործուն քայլերով դադրեցնել ատրպէյճանաթրքական արարքը:
Պելճիքայի Ֆլամանտական եւ Արցախի Խորհրդարաններու մէջ գործող բարեկամական խումբի անդամները իրենց կարգին խստօրէն դատապարտած են Արցախի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը:
Եւրոպական Խորհրդարանի թիւով 24 պատգամաւորներ գրաւոր հարցում (written quastion) ուղարկած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին` Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ յարձակման մասին` հետեւեալ հարցերով`
1․ի՞նչ պէտք է ընել Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ռազմական գործողութիւններուն անյապաղ դադրեցման եւ հրադադարի վարչկարգի վերականգման համար:
2. Ինչպիսի՞ գործողութիւններ պատրաստ է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը իրականացնել, անհրաժեշտ ճնշումներու միջոցով Ատրպէյճանի կառավարութեան ստիպելու ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ իր զօրքերը դուրս բերելու համար:
3. ԵՄ-ն կը շարունակէ մնալ Ատրպէյճանի ամենամեծ արտահանողը եւ երկրորդ ներմուծման շուկան ` 51% բաժնեմասով Ատրպէյճանի արտահանման եւ 16% բաժնեմասի Ատրպէյճանի ներմուծման մէջ: Եւրոպական խորհուրդը պատրա՞ստ է Ատրպէյճանի նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառել:

Քանատա
Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը աշխուժօրէն կը շարունակէ ստորագրահաւաք իրականացնել, որ ուղղուած է արտաքին գործոց նախարար Ֆ․ֆ․ Շամպայնին: Կոչ ուղղուած է պաշտօնապէս դատապարտել Հայաստանի եւ Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններն ու կասեցնել քանատական զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ:

Աւստրալիա
Հայ Դատի Աւստրիալիոյ յանձնախումբը, աւստրիալահայ գաղութին տարբեր ձեւերով համերաշխութիւն յայտնած են եւ ատրպէյճանաթրքական արարքը խստօրէն դատապարտած է Աւստրիալիոյ պոնտացիներու միութեան ղեկավար Փեթեր Սթեֆանտիս, խորհրդարանի անդամներ Ճոն Ալեքսանդր, Ճօշ Պըրնս եւ ուրիշներ:
Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը սկսած է ստորագրահաւաք, որ տեղական SBS հեռուստաալիքին կոչ ուղղած է անյապաղօրէն դադրեցնել թրքական TRT հեռուստաընկերութենէն պարբերաբար լուրերու հեռարձակումը:
Յանձնախումբը Դաշնային կառավարութեան կոչ ուղղած է հետաքննութեան ենթարկել Ալիեւի բռնապետական ընտանիքին պատկանող օդանաւերով Աւստրալիայէն Ատրպէյճան կատարուող թռիչքները: Յանձնախումբի կողմէն ընդգծուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ` միջազգային ահաբեկչական կառոյցներու եւ զէնքի անօրինական փոխադրման մէջ ներգրաւուած ըլլալը:
Յանձնախումբը հրապարակայնօրէն դատապարտած է Աւստրիալիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին, որովհետեւ նախարարը իբրեւ ռազմական գործողութիւնները սկսող կողմ չէ յիշատակած Ատրպէճանն ու Թուրքիան, չէ մատնանշած արարքի իրական հեղինակները: Յանձնախումբը աւստրալիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է յանցագործութիւններու հեղինակները կոչել անուանապէս, եւ անդրադառնալ հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ եւ իսլամիստ ահաբեկիչներու ներգրաւածութեանը:
*27 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ատրպէյճանական արարքի սանձազերծումէն ետք ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը ամբողջ աշխարհի մէջ ձեռնամուխ եղած են Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու շահերու պաշտպանութեան ու առարկայական տեղեկատուութեան ներկայացման` կիրառելով լոպիստական համալիր գործիքակազմեր:
Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձմախումբերը մշտական կապի մէջ են նաեւ լրագրողական համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ միջազգային առաջատար լրատուամիջոցներուն հետ, որպէսզի տեղեկատուահաղորդակցական պայքարին մէջ ապահովեն առարկայական լրատուութիւն:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակը մամուլի համար պարբերաբար կը հրապարակէ ամփոփագիրեր, որոնց նպատակն է կեդրոնացած ներկայացնել Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի կողմէն այս օրերուն իրականացուող լայնածաւալ եւ բազմաշերտ աշխատանքներուն առաւել ակներեւ արդիւնքները: