Վահան Փափազեան:  Իր մէջ Հայաստանէն պատառիկ մը կը կրէր նաեւ Վահան Փափազեանը՝ «Կոմս» վերանուանեալ, որ թէեւ ծնած էր  արեւմտահայ ընտանիքի մէջ՝ ի Թաւրիզ, սակայն կեանքի առաջին տասնամեակները անցուցած ու գործած էր արեւելահայ միջավայրի մէջ, ուր պիտի վերադառնար աւելի ուշ եւս:

Ան  կը բնակէր Ճեմարանի գլխաւոր դարպասին ճի՛շդ դիմացը, հազիւ տասը մեթր անդին, ծառերով շրջապատուած փոքրիկ ու հանդարտ  առանձնատան մը  առաջին յարկին վրայ, որու պատշգամին  մնայուն ու անշեղ ներկայութիւն էր այն պահերուն, ուր կ’արձակուէր աշակերտութիւնը:

Այդ ներկայութիւնը այնքան անխափան ու կանոնաւոր էր, որ մենք կը տարուէինք մտածելու, թէ ան ամբողջ օրը կ’անցընէր այդ նոյն կէտին վրայ,  նոյն խորհրդաւոր դիրքով՝  անշարժ արձանի մը, կարելի էր ըսել՝ մոմիայի մը  պէս  կանգնած՝ սպասելով   արձակումը աշակերտութեան, որուն շատ կապուած էր:

Ան հանրօրէն ճանչցուած էր Կոմս անունով՝ առանց ունենալու կոմսի մը արտաքին կամ ժառանգական յատկանիշներէն եւ ոչ մէկը: Պատկերացուցէք ութսունամեայ կմախք մը, որուն վրայ կը յամենան թուխ-դեղնորակ  մորթի  չոփ-չոր ծուէններ,  որոնք  չեն կրնար կծկուիլ՝ ուրուագծելու համար թէկուզ տարրական ժպիտ մը անոր դէմքին, ուր ան կը կրէր երկու    անկենդան ու շուարած աչքեր:

Բոլորովին անծանօթ մնացած է ինծի անոր ձայնն ալ, քանի ոչ մէկ անգամ հանդիպած եմ խօսելուն:

Իսկ թէ ուrկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կրցած էր ան շահիլ իր  տիտղոսը՝ կը մնայ առեղծուած մը: Անոր կենսագրութիւնը կոմսութիւն թելադրող բացարձակապէս  ոչ մէկ ակնարկութիւն կը բովանդակէ, եւ հակառակ ասոր՝  ան շատ  աւելի, – կամ գրեթէ մի՛այն,–   ճանչցուած էր կոմս տիտիղոով[1], քան թէ իր սովորական անունով ու մականունով, որ շատ քիչեր պէտք է ճանչցած ըլլային: Թող որ մարդ դժուար  մտքէն պիտի անցընէր, թէ ան կրնար ունենալ ուրիշ անուն մըն ալ:

Ինքս ասկէ քանի մը  տարի առաջ միայն եւ մեծ զարմանքով յայտնաբերած  եմ իր բուն անունը, երբ կը կարդայի Գրիգոր Զօհրապի օրագրութիւնը. պէտք եղաւ երկար-բարակ փնտռտուքներ կատարել՝ հասկնալու համար, որ այնտեղ բազմիցս անուն-մականունով  յիշատակուող ինծի անծանօթ անձը   նոյն ինքն …Կոմսն է:

*   *   *

Երբ հրապարակային ձեռնարկի մը երեւէր,  «Կոմսը»,–  իրարու կը շշնջէին ներկաները  երկիւղածութեամբ ու պատկառանքով, մինչ յանձնախումբի անդամները իրար կ’անցնէին եւ կը փութային իսկոյն  խլելու զայն հասարակ մահկանացուներու խաժամուժէն ու կ’առաջնորդէին «պատուոյ հանդիսականներու» առաջին շարքը, անմիջական քովիկը կաթողիկոսին, կամ առաջնորդին, կամ քաղաքապետին, կամ կուսակցապետին, կամ նախարարին, եւ առ ի չգոյէ ասոնցմէ մէկուն՝  առնուազն…երեսփոխանի մը: Եւ ինք ամենայն  հանդիսաւորութեամբ,   դէմքի ու շարժումներու անբեկանելի պաշտօնականութեամբ մը՝ անխօս  կ’ընդառաջէր այդ արարողակարգին եւ կը գրաւէր իր  կարգավիճակին «պատշաճ»  աթոռը:

Եւ այս չէր միայն:

Փափազեան ունեցած է   բժիշկ-ի  տիտղոսը եւս, որքան ալ ոչ մէկ օր բժշկական համալսարան յաճախած կամ անոր քովէն անցած ըլլար: Այդ մակդիրին ծննդաբանութիւնը ծանօթ է ու բաւական զաւեշտական:

Առաքելութեան մը ծիրէն ներս ան կը ստիպուի  գիշերել Վանի քրտական մէկ հեռաաւոր  գիւղին մէջ: Հազիւ տեղ հասած՝ մէկ ալ գիւղացիներու հոծ բազմութիւն մը կը հաւաքուի իջեւանած տան բակը.  անոնք «դեղ կը  խնդրէին բժիշկէն»: Ուրեմն ամէն քիչ թէ շատ եւրոպական ոճով հագուած անհատ անոնց համար բժիշկ կը նկատուէր եւ   անպայման դեղ կ’ունենար հետը, եւ հիմա այդ բարիքէն օգտուելու եկած էին:

Տանտէրը իր կողմէ շատ կը  խնդրէ, որ յուսախաբ չընէ իր գիւղացիները:

Աղէկ, սակայն ի՞նչ դեղ տալ, երբ տարրական  մէկ հատիկ դեղահատ  իսկ չունի քովը: Մինչ այս մտմտուքին մէջ է ինք,  անդին  հիւանդները աւելի պահանջկոտ ու անհամբեր կը դառնան: Եւ ահա կը յղանայ հանճարեղ գաղափար մը. ան մախաղին մէջէն կը հանէ իր նեղ օրերու  սնունդը կազմող փոխինդին[2] փոքրիկ պարկը եւ թուղթի կտորներու  մէջ քանի մը պտղունց դնելով կը յանձնէ հիւանդներուն՝ անկախ անոնց ունեցած  ցաւէն.   նոյն փոխինդը կը ստանայ գլխացաւէ տառապողը,  աչքի հիւանդութիւն  ունեցողը, կռնակը ցաւողը, պնդութիւն ունեցողը, անքնութենէ տառապողը, անզաւակ՝ ստերջ կինը, մանչ   ցանկացող մայրը, հարսնանալ ուզող աղջիկը եւ, եւ, եւ…մինչեւ փոխինդը սպառի:

Ան գիշերը դժուար  կը փակէ  աչքերը,  սակայն առտուն՝  լոյսը չբացուած,  յարմար կը սեպէ գաղտագողի փախուստ տալ այդ գիւղէն, որպէսզի յանկարծ հաշիւ պահանջողի չհանդիպի, հետը տանելով «բժիշկի» տիտղոսը, որ շատ երկար կը ծառայէ իրեն[3]:

Բայց ահա բախտը այնպէս կը դասաւորէ դէպքերը, որ տարի մը ետք ան պարտաւորուի հանդիպիլ այդ նո՛յն գիւղը եւ իջեւանիլ նո՛յն քիրվային[4] տունը, իսկ իր գալուստին աւետիսը  իրմէ առաջ հասած ըլլայ արդէն գիւղացիներուն, որոնք հիմա խռւռներամ եկած են խնդրելու  «անցեալ տարուան այդ նո՛յն դեղէն, որ այնքան շա՜տ  օգտակար եղած է իրենց»…

*   *   *

Փափազեանի գործունէութեան դաշտը եղած է Վանը, ուր ուղարկուեցաւ Վարդգէսի բանտարկութենէն ետք՝ 1903-ին: Ան եղբայրն էր գրագէտ Վրթանէս Փափազեանի. ունեցած են Ներսէս անունով եղբայր մըն ալ Պոլսոյ մէջ, ուր ան կը վարէր ազգային եռուն կեանք մը եւ կ’ըլլայ  Եղեռնի առաջին զոհերէն:

Սահմանադրութենէն ետք, գրեթէ իր կամքէն անկախ, Վանի  ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ  Թուրքիոյ խորհրդարանին՝ Զօհրապի,  Վարդգէսի, Արմէն Գարոյի, Մուրատի   կողքին, ուր ան նշանաւոր կը դառնայ իր լռութեամբ՝ արժանանալով   «համր երեսփոխան»-ի կոչումին [5] (այս ալ ուրիշ տիտղոս մը), թէեւ այս «հանգամանքը» արգելք չ’ըլլար,  որ հետագային  ան երեսփոխան ընտրուի նա՛եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան:

Միւս կողմէ, սակայն, իբրեւ քարտուղար՝ բաւական գործակցած է  Զօհրապին ու ռուսական դեսպանատան առաջին թարգման Մանդելշթամին՝  Բարենորոգումներու  ճամբով յառաջացած յանձնախումբի մը ծիրէն ներս:  Եղեռնի նախօրեակին ան այցելութեան եկած էր ընտրաշրջանը, ու երբ կը վերադառնար Պոլիս՝  Մուշի վրայով,  ինք եւ Ռուբէն տէր Մինասեան  Սասունի լեռներուն մէջ անակնկալօրէն  կը թակարդուին Եղեռնով եւ հրաշքով մը  ազատելով  համատարած կոտորածէն՝ ողբալի պայմաններու մէջ կը  հասնին Արեւելեան Հայաստան՝ իրենց հետ տանելով 30.000 սասունցիներէն ողջ մնացած ընդամէնը 30 գիւղացիներ: Զիրենք առաջին դիմաւորողը կ’ըլլայ Ռոստոմը, որուն  մանրամասն կը ներկայացնեն իրավիճակը:

Ռոստոմ կը կատղի իմանալով Սասունի կոտորածը, մանաւանդ որ  ղեկավարումի ապիկարութիւն եւս կը տեսնէ անոնց որոշումներուն մէջ,   ուստի  չի վարանիր  անոնց երեսին նետելու.

–Հո՛ն մնայիք եւ դուք ալ պատուով մեռնէի՛ք[6] բոլորին հետ:

*   *   *

Այնուհետեւ Փափազեան  բախտը կապեց  Առաջին հանրապետութիւնը կերտողներու փաղանգին՝ միասին պայքարելով, միասին գռոհելով ու նահանջելով, միասին պանդխտանալով ու անդուլ մաքարելով հետագայ տասնամեակներուն: Ան հեղինակն է, ի շարս այլոց,  հայ ազատագրական պայքարէն քաղուած  պատմուածքներու հինգ  հատորներու շարքի մը՝ «Խոնարհ հերոսներ»  խորագրով, որոնք օրին դպրոցականներու,– եւ ոչ միայն,–  բարձի գիրքերն էին,  ինչպէս նաեւ   եռահատոր  ստուար յուշագրութեան մը, որուն առաջին երկու հատորները յափշտակութեամբ կը կարդացուին:

Այս վերջին աշխատութեան առաջին հատորը կը բովանդակէ ժամանակակիցի, ականատեսի  ու որոշ առումով գործուն դերակատարի վաւերական  մէկ պատումը  Բարենորոգութեանց  ծրագիրի  ծննդոցէն մինչեւ անոնց  վերջնական  յաջողութեան ու վաւերացումի մանրամասնութեանց: Անոր կցուած է նաեւ բարենորոգումներու  ամբողջական  պատճէնը:

Արմենակ Եղիայեան

____________________________________________________

[1] «Կոմս» ստորագրած է նաեւ իր գիրքերը:

[2] Խարկած ու մանր աղացած ցորեն, որ հայ ֆետայիները կը կրէին իբրեւ հոգեպահուստ:

[3] Google-ը անոր երկու տիտղոսները  յիշած է:

[4] Քրտերէն՝ բարեկամ, քաւոր:

[5] Ի՞նչ կրնար խօսիլ խեղճը, երբ թրքերէն չէր գիտեր, իսկ թէ ինչո՞ւ Վասպուրականի հայութիւնը Օսմանեան խորհրդարանի ներկայացուցիչ կ’ընտրէ մէկը, որ թրքերէն չի գիտեր,– սա իր կարգին  ուրիշ հանելուկ մըն է:

[6]Կարգ մը աղբիւրներ Ռոստոմի բերանը կը դնեն սատկէիք բառը, որ  աւելի հաւանական է: