27 Սեպտեմբեր 2020-ը նորագոյն կարմիր թուականն է հայ-թուրքեւազերիական հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ: Կանուխ առաւօտուն, ազերիական բանակը յարձակման անցաւ Արցախի ճակատին երկայնքին: Երբ այս տողերը կ’արձանագրենք պատերազմական գործողութեանց երկրորդ օրուան վախճանին (Հայաստանի ժամանակացոյցով), անորոշ կը մնայ թէ յարձակումը որքա՞ն պիտի շարունակուի, պիտի տարածուի՞ նաեւ Հայաստանի սահմանին վրայ (նախանշաններ արձանագրուեցան), սակայն մէկ բան յստակ է. սա ամէնէն ծաւալու եւ վայրագ յարձակումն է 1994-ի զինադուլէն ի վեր, կը սպառնայ շուքի մէջ ձգել 2016-ի Ապրիլեան Պատերազմը, մանաւանդ, որ թրքական ուժեր եւս ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով մասնակից են յարձակումին, Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած ու մարզուած ահաբեկչական խմբաւորումներ նետուած են Արցախը պաշտանողներուն դէմ, տագնապին տալով աննախընթաց տարածք (յամենայնդէպս, Պաքուի կողքին կանգնելու Անգարայի խօսքն ու գործը աննախընթաց չեն): Իսկ մեր անմնացորդ մաղթանքն է, որ պատերազմը դադրի անյապաղ:

Ազերիական յարձակումը յայտնապէս սպասելի էր եւ, ըստ Հայաստանի ու Արցախի պաշտօնական հաղորդումներուն (որոնք վստահելի գլխաւոր աղբիւրներն են, հեռու՝ ազերիական յերիւրանքներէ եւ անոնց արձագանգող՝ թրքական յոխորտանքներէն), ստացած է ուժեղ հակահարուած: Պատրերազմ է. նման տարածքով ու սաստկութեամբ պատերազմ մը բնականաբար պիտի խլէ զոհ ու վիրաւոր, պիտի ըլլան դիրքերու գրաւում ու ազատագրում, աւերումներ: Նախընթացները տարբեր չէին: Հայկական կողմին համար, կայ միայն մէկ ընտրանք. ետ մղել յարձակումը եւ յաղթանակել: Այս նպատակին մէջ չկայ երկու կարծիք: Ժամը ժամին դէպքերուն ու անոնց արձագանգներուն հետեւողներս տեսանք, որ ինչպէ՛ս, ակնթարթային միաձայնութիւն ստեղծուեցաւ հայութեան ողջ երկնակամարին տակ, շոգիացան իշխանութիւն-ընդդիմադիր հակասութիւններն ու հակաճառութիւնները, մէկ հայրենիք, մէկ ժողովուրդ եւ պիտի յաղթանակենք արտայայտութիւնները հրապարակը հականեխեցին նախընթաց փուլի բոլոր հակադրութիւններէն: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Էրտողաններուն ու Ալիեւներուն աչքին, Հայաստանի մէջ չկան յեղափոխականներ ու հակայեղափոխականներ, չկան հիներ ու նորեր, այլ անոնք Հայաստանն ու Արցախը, ողջ հայութեան հետ, կը դիտեն իբրեւ բնաջնջելի տարրեր՝ ի խնդիր համաթուրանական հին երազին իրականացման: (Եւ անշուշտ հարց է, թէ հայկական նման միասնութիւն ինչո՞ւ պէտք է սպասէր թշնամիին ստեղծած օրհասական կացութեան, որպէսզի տեսնուի, որ քաղաքական հակադրութիւնները, ներ-հայկական, ներ-կուսակցական եւ նման չափազանցեալ հակամարտութիւնները որքա՛ն սին են եւ անվաղորդայն…):

***

Աւելորդ կը նկատենք այս սիւնակին մէջ անդրադառնալ դէպքերու շղթայազերծման ու զարգացման մանրամասնութիւններուն, թէեւ իւրաքանչիւր վայրկեանը կարեւոր է ու ճակատագրական. ընթերցողը վստահաբար ակնդէտ կը հետեւի իւրաքանչիւր դէպքի, յարձակումի, պաշտպանողականի եւ հետեւանքներուն մասին տրուած տեղեկութիւններուն: (Այս տողերը ընթերցողին հասնելու պահուն, բազում նորութիւններ արձանագրուած պիտի ըլլան): Այսուամենայնիւ, կ’արժէ արձանագրել դէպքերէն բխած ու ընդհանուր տրամադրութիւնները, միացեալ կամքի արտայայտութիւնը եղող իրականութիւններ, որոնք նաեւ ուղեցոյց են բոլորիս:

Առաջին հերթին, ողջ հայութիւնը՝ պետական կառոյցներով, կամաւորական գունդերով, կազմակերպութիւններով ու միութիւններով, ժողովուրդի բոլոր խաւերով՝ միահամուռ կերպով կանգնեցաւ ու կը կանգնի քանի մը հարիւր քիլոմեթրի վրայ երկարող ճակատը պաշտպանող, իրարայաջորդ յարձակումները ետ մղող մեր հրաշագործ զինուորներուն կողքին: Արցախի նախագահին իսկ հաստատումով, յարձակողականը կը տարածուի Օմարի լեռնանցքէն (Արցախի հիւսիսը) մինչեւ Ֆիզուլիի շրջանը, մինչեւ Արաքս գետի սահմանները (հարաւը), անցնելով Մարտակերտէն, Մարտունիէն եւ այլ սահմանամերձ աւաններէ ու դիրքերէ: Ռազմաճակատէն հեռու, ռմբակոծուած են Ստեփանակերտը, Մարտունին եւ այլ բնակավայրեր, ուր կան քաղաքային զոհեր, վիրաւորներ՝ կին, մանուկ եւ տարեցներ (եւ թող մէկը չըսէ, թէ սա պատերազմական ոճիր չէ), նաեւ՝ նիւթական հսկայական վնասներ: Այլ խօսքով, Ալիեւի Ատրպէյճանը եւ Էրտողանի Թուրքիան, ձեռք ձեռքի տուած, գործադրութեան կը դնեն հայութիւնը ահաբեկելու իրենց ծրագիրը, սպառնալիքներու փուլը կը ձգեն իրենց ետին եւ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ կը դառնան: Արցախի դէմ նետուած է Ատրպէյճանի ամբողջ զինուժը՝ իր օդային, հրասայլային ու ցամաքային կարողութիւններով: Մանրամասնութիւն մըն է այն, որ յառաջապահ գիծերուն վրայ հայութեան դէմ արձակուած են թալիշներ եւ այլ փոքրամասնութեանց զաւակներ, որոնց կողքին, վարձկան ծայրայեղականներ ժամանակ չեն կորսնցներ… ազերիական գիւղեր կողոպտելով ու իբրեւ թէ իսլամական օրէնքներ պարտադրելով: Վերջնականապէս վար առնուած է Թուրքիոյ դիմակը. «եղբայր Ատրպէյճան»ին տրամադրուած աջակցութիւնը լոկ բարոյական ու խորհրդատուական չէ, այլ նաեւ զինական-զինուորական:

Յստակ է նաեւ, որ հայկական կողմը՝ մեր բանակը աննախընթաց պատրաստուածութեամբ կը դիմագրաւէ այս յարձակումը: Ամիսներ տեւած՝ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի սպառնալիքները, ապա նաեւ՝ Նախիջեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած միացեալ ռազմափորձերը, Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացումէն առաջ (հաւանաբար նաեւ վերջ) ապահովուած զինական կազմածները եւ բազում ցուցանիշներ պարզ դարձուցած էին, որ թուրքեւազերիական դաւադրութիւնը պիտի իրականանար: Պետական ու զինուորական պատասխանատուներ ճիշդ նշումներ ըրին, յայտարարելով, որ սա մէկ օրէն միւսը իրականացած յարձակողական չէ, չի կրնար ըլլալ (իբրեւ թէ) հակադարձութիւն՝ հայկական կողմի ոտնձգութիւններուն, որովհետեւ նման լայնածաւալ յարձակողական մը կը կարօտի երկարատեւ պատրաստութեան, աւելի՛ն, յարձակողական ծանր զէնքերու լիարժէք օգտագործումը, ինքնին, կը հերքէ ազերիական այն մեղադրանքները, թէ հայկական կողմն է եղած նախայարձակը: Եւ ահա, արցախեան բանակին ու անոր թիկունք կանգնող կամաւորներուն, նոյնինքն Հայաստանին ու ողջ Սփիւռքի միացեալ ճակատը արժանի հակահարուածը կու տայ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ռազմատենջերուն: Մեր նոր նահատակները իրենց արիւնով ու կեանքով կը վկայեն, որ Արցախեան Հերոսամարտերուն անմահացած զոհերը կ’ապրին իրենց մէջ, անոնց բարձրացուցած դրօշը գետին պիտի չիյնայ, որքան ալ մեծ ըլլայ արեան ու նիւթական տուրքը: Նահատակ տուած ընտանիքի հայրը ճակատ կը վազէ հայրենիքին պաշտպան կանգնելու համար: Եւ որքա՜ն դիպուկ էր տարեց կամաւորի մը մէկ արտայայտութիւնը. «Մէկ զինուոր իսկ զոհ պիտի չտանք, միասին ճակատ կ’երթանք ու միասին պիտի վերադառնանք…»: Ասոր՝ արցախցի հայը կ’արձագանգէր փողոցէն կամ ապաստանարանէն. «Խուճապ չկայ: Մենք մեր տունն ու հողը լքողը չենք…»

Ազերիական զինուժը խորտակող Արցախի բանակն ու անոր կողքին կանգնողներս կը կազմենք հայութեան զոյգ բռունցքներէն առաջինը, որովհետեւ Արցախի հողերուն իւրաքանչիւր հիւլէին պաշտպանութիւնը վճռորոշ դեր ունի մեր պայքարի ելքին հետ, Արցախի պաշտպանութիւն՝ կը նշանակէ Հայաստանի պաշտպանութիւն, Արցախ-Հայաստանի պաշտպանութիւն՝ կը նշանակէ Սփիւռքի պաշտպանութիւն: Իսկ ունեցածդ պաշտպանելէ անդին, կան տակաւին… բռնագրաւեալ Գետաշէններն ու Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանը:

***

Հայութեան երկրորդ բռունցը՝ ընդդէմ Թուրքիա-Ատրպէյճան ոճրագործ զոյգին, կը կազմեն քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատանքները, որոնց անբաժանելի մասնիկներն են տեղեկատուութիւնն ու ճշմարիտ քարոզչութիւնը: Այս գետնի վրայ եւս, Հայաստան ու Արցախ լծուած են լայն տարածքով աշխատանքի, իրենց կողքին ունենալով ամբողջ Սփիւռքը: Այս ծիրին մէջ, աշխատանքը ունի երկու գլխաւոր խորագիր. նախ, ցուցադրել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սուտերը, ապացուցել, թէ ո՛վ է նախայարձակը (ի դէպ, որեւէ շահագրգիռ կողմի համար այլապէս յստակ է, պէ՛տք է ըլլայ թէ ո՛վ է նախայարձակը: Անոնց տեղեկատուական եւ հետախուզական միջոցները հաւանաբար պէտք չունին հայկական կողմին տրամադրելիք տեղեկագիրներուն), ապա նաեւ նոր յառաջխաղացք արձանագրել Արցախի ու Հայաստանի արդար Դատին «ռազմադաշտին» մէջ:

Ատրպէյճանի յարձակումը 27 Սեպտեմբերի առաւօտուն իսկ առաջնակարգ տեղ գրաւեց միջազգային լրատու աղբիւներու հաղորդումներուն ու մեկնաբանութիւններուն մէջ: Գրեթէ միաձայնութիւն կը տիրէր այն կէտին շուրջ, թէ Ատրպէյճանն է նախայարձակը, սակայն մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները նոյնքան ուղղամիտ չեղան: Իրարու յաջորդեցին իսկապէս բարեմիտ կոչեր, թէ՝ ռազմական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին, զէնքի ուժով լուծում չ’ըլլար (սա յստակ պատգամ էր թուրք-ազերիական խունթային), սակայն շատեր գինիին ջուր խառնեցին՝ հակադիր կողմերը դիտելով համահաւասարի ակնոցով, այսինքն՝ կոչերուն շեշտը համազօր հնչեղութեամբ ուղղեցին հայկական ու ազերիական կողմերուն: 28 Սեպտեմբերին, յայտարարուեցաւ, որ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը  որոշած է 29 Սեպտեմբերին յատուկ նիստ մը գումարել վերստին բորբոքած տագնապին համար, առաջնահերթ նպատակ ունենալով վերջ տալ ռազմական գործողութեանց:

Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ինչպիսի յերիւրանքներով պիտի փորձեն մոլորեցնել աշխարհի կարծիքը (թէեւ, կրկնենք, Ապահովութեան Խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամն ու այլ շահագրգիռ կողմեր շատ լաւ գիտեն իրականութիւնը): ՄԱԿի այս նիստն ու անոր ընծայած բեմը առաջին կարեւոր փորձաքարը պիտի ըլլան, թէ հայութեան երկրորդ բռունցը ինչպիսի հակահարուած պիտի տայ ոճրագործ զոյգին, որքա՛ն պիտի ստիպէ, որ կեղծիքն ու դիմակները մէկդի ձգուին:

ՄԱԿը միակ բեմը չէ, ուր հայութեան քաղաքական ու դիւանագիտական մեքենան իր ուժերը պիտի լարէ ու ցուցադրէ նախայարձակ ու միջազգային կամքը ոտնակոխող կողմի դէմ: Կան Եւրոպայի Միութիւնը, Ռուսիոյ առանցքին շուրջ բոլորուած համախմբումները, կան անհատ երկիրները (ուր արաբական աշխարհը ունի յատուկ տեղ, եւ Եգիպտոսի հետ վերջերս հաստատուած կամուրջը կը զգենու կարեւորութիւն, իսկ Իսրայէլի հետ հաստատուած նոր կամուրջը առիթ է փորձաքարի զարնելու Պաքուն զինող պետութեան տրամադրութիւնները):

Միջին Արեւելքէն, Արաբական Ծոցէն մինչեւ Եւրոպա ու Չինաստան-Հնդկաստան, ինչո՞ւ չէ նաեւ ընտրապայքարի եւ այլ փոթորիկներով տարուած Միացեալ Նահանգներ, առանց անտեսելու ամերիկեան այլ երկիրներ, Աւստրալիա եւ այլք, այսօր աւելի՛ պատրաստակամ են կանգնելու Թուրքիոյ (եւ իր դաշնակիցներուն) ծաւալապաշտ ու կայսերական ծրագիրներուն, գործնական քայլերուն դէմ: Մեր արդար Դատին ու անոր ստորաբաժանումներուն ի նպաստ աշխատանք տանելու համար, կրնանք ըսել, որ մթնոլորտը ըստ բաւականին բարեխառն է (երբեք չենք արհամարհեր պետական մեքենաներուն ետին կանգնող «նիւթապաշտ աշխարհակալներուն» շահակցական կապերը՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի պէս երկիրներու հետ):

Այս դաշտին մէջ, Հայաստանն ու Արցախը առանձին չեն. ամբողջ Սփիւռքը իր կարողականութիւնները դրած է ի սպաս Հայաստանի: Հայ Դատի գրասենեակները, նմանօրինակ «գործիքներ», նաեւ՝ Սփիւռքի ՓՈՂՈՑը լծուած է այս պայքարին, կոչուած է դառնալու ճակատը պաշտպանող բանակին կողքին կանգնող, թիկունքը ամրացնող երկրորդ բռունցքը: Եթէ հրապարակային ցոյցերը բողոքի ու դատապարտանքի ձայն բարձրացնելու առիթ են, կան անշուշտ պաշտօնական վարչամեքենաներուն եւ կուսակցական «գործիքներու» պատրաստելիք յուշագիր-տեղեկագիրները (սա աւելորդ գործ չէ), որոնք պիտի հասնին կառավարութեանց, ներկայացուցիչներու եւ ազդու կողմերու:

***

…Աւելի քան 100 տարի առաջ, Թուրքիա իր պետական կարողութիւնները ի սպաս դրաւ Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջնջելու ծրագիրին, գործադրեց ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐ: Թուրքիա օգտուեցաւ Ա. Աշխարհամարտին ստեղծած խառնակ վիճակէն, վստահ ըլլալով, որ հայութեան ճիչը անլսելի պիտի մնայ զիրար չէզոքացնելու ելած՝ աշխարհի հակամարտ ուժերուն կողմէ: Հայութիւնը սուղ, շա՛տ սուղ վճարեց Ցեղասպանութեան, սակայն իր հերոսամարտերով, Սարդարապատով եւ ինքնապաշտպանութեան այլ ճակատամարտերով, ձախողութեան մատնեց  օսմանական-իթթիհատական երազները:

…Շուրջ 30 տարի առաջ, Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող եւ հազիւ 70 տարուան կեանք ունեցող Ատրպէյճանը նոր Սարդարապատ պարտադրեց հայութեան: Արցախեան Պայքարը 1994-ին հասաւ յաղթանակի, հայկական բռնագրաւեալ հողեր ազատագրուեցան:

Անցեալ 30 եւ աւելի տարիներուն, Արցախն ու Հայաստանը դիմագրաւեցին մանր Սարդարապատներ: Տաւուշի վրայ յարձակումը դեռ երէկ էր, իսկ սահմանին վրայ շաբաթէ շաբաթ ինկող նահատակներուն հաշիւը պահուած է (չմոռնանք սփիւռքեան արձագանգները՝ Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր…): Եւ ահա, 27 Սեպտեմբերին, հայութիւնը դիմագրաւեց նոր Սարդարապատ մը, որովհետեւ այս անգամ, Թուրքիա-Ատրպէյճան զինակցութիւնը կը փորձէ օգտագտուիլ Պսակաւոր ժահրի համաճարակին եւ աշխարհի ուշադրութիւնը այլապէս կլանող բազում փոթորիկներու մթնոլորտէն (փոքր նմանակը Ա. Աշխարհամարտի մթնոլորտին): Մեզի կը մնայ թէ՛ պատերազմի դաշտին եւ թէ քաղաքական ու դիւանագիտական բեմերուն վրայ ցոյց տալ, որ աշխարհի մէջ բան մը փոխուած է, «Ցեղասպանութիւնը, հայաջնջումը պիտի չկրկնուի»ն լոկ շապիկներ ու ցուցատախտակներ զարդարող խօսք չէ, աշխարհն ալ հրաւիրուած է վար առնելու երկերեսութեան դիմակը, ոճրագործը կոչելու իր անունով, դատապարտանքի եւ մեղադրանքի խօսքերէն անդին՝ պատժամիջոցներ եւ նահանջներ պարտադրէ թէ՛ Ատրպէյճանին եւ թէ նոր աշխարհակալութիւն երազող Թուրքիոյ:

Հայութիւնը կոչուած է զոյգ բռունցքով սեղաններ շրջելու եւ արդար երկրաշարժ ստեղծելու ոճրագործ զոյգին դէմ

Սարգիս Մահսերէճեան