Այսօր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հասցէական հարուած հասցուց Գանձակի (Գեանճա, Կիրովապատ, Ելիզաւետապոլ) զինուորական օդակայանին՝ նախօրօք զգուշացնելով քաղաքացիական բնակչութիւնը, որ ղինուորական կեդրոններ ունեցող քաղաքներու բնակիչները անմիջապէս պէտք է դուրս գան մարտական գործողութիւններու շրջաններէն։ Գանձակը իր տարածքով երկրորդ, բնակչութեան թիւով Ատրպէյճանի երրորդ խոշոր քաղաքներէն է։ Գանձակի մօտ 332.000 բնակիչներուն արագ տեղահանումը մեծ հարցեր կրնայ յառաջացնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն համար՝ նկատի առնելով, որ մօտակայքը խոշոր բնակավայրեր չկան, որոնք ի վիճակի կ՚ըլլան այդքան բնակչութիւն տեղաւորել։

Յատկանշական է, որ Գանձակի տնտեսութիւնը իր կառոյցով բաւական մօտ է Հայաստանի տնտեսութեան, քանի որ ան հիմնուած է գիւղատնտեսութեան, վերամշակուող արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան և հանքարդիւնաբերութեան վրայ։ Բաւական յայտնի է Գանձակի Մետաքս գործարանի ապրանքանիշը, որուն հիմնադիրները հայերը եղած են։ Այստեղ նաև կ՚արդիւնահանուին պղինձ և ալիւմին։ Գանձակի շրջանը կ՚ապահովէ Ատրպէյճանի գիւղմթերքի մօտ 15 տոկոսը, մասնաւորապէս՝ գետնախնձոր, խաղող, հորթի միս, հաւկիթ եւ այլն։ Գանձակի մէջ կը գտնուի Վրաստան-Ատրպէյճան երկաթուղիին կարեւորագոյն հանգոյցը՝ լոժիստիք կեդրոնը, որ կ՚ապահովէ արևելքէն արևմուտք և հակառակը բեռներու փոխադրումը։

Նկատի ունենալով վերջին օրերուն Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւններու ահաբեկչական գործողութիւնները՝ օտարերկրեայ կազմակերպութիւնները պէտք է խուսափին այս տարածքով բեռներ տեղափոխելէ, քանի որ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել ենթակառոյցներուն անվտանգութիւնը։ Ամբողջ աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրը մեծ վնաս հասցուցած է զբօսաշրջական ոլորտին, որ Գանձակի կարևոր եկամուտի աղբիւրներէն կը համարուի։ Այս պատերազմին պատճառով ոչ միայն հարց պիտի ծագի այդ քաղաքին հետ օդային հաղորդակցութեան, այլև զբօսաշրջական հոսքերու։ Արդէն Գանձակի տարածաշրջանին մէջ ապրող մարդոց կենսամակարդակը քանի մը անգամ կը զիջի Պաքուի փափուկ բարձերուն թիկնած և յոխորտացող մարդոց կենսամակարդակէն։ Ատրպէյճանի և Թուրքիոյ կողմէ սանձազերուած այս պատերազմին հետևանքները դեռ երկար ժամանակ պիտի ճաշակեն Գանձակի բնակիչները։

Սուրէն Պարսեան

ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ