Մենք պէտք չէ բաւարար համարենք միջազգային արձագանգը, մինչև որ մեզի նման չարձագանգեն կատարուածին: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ըսաւ ՀՅԴ Հայ Դատի և քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան վերաբերեալ միջազգային արձագանգին։

Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութեան, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Հայաստանի և Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը յայտարարած է անոր վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը:

Անդրադառնալով Հայաստանի կողմէ Արցախի ճանաչմանը` Կիրօ Մանոյեան նախ ըսաւ, որ Արցախը դիմած է միջազգային համայնքին ճանաչման համար, իրենք ալ իրենց բոլոր կառոյցներով կ՚աջակցին: «Հայաստանը կրնայ ճանչնալ, սակայն պէտք է շատ արագ ստորագրէ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան դաշինքը, հասունացած է այդ դաշինքը ստորագրելու պահը: Դաշինքին ստորագրումը իր մէջ ճանաչման տարրեր ունի, այնպէս չէ, որ Հայաստան ընդհանրապէս չէ ճանչցած, Հայաստանի մէջ կայ Արցախի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, բազմաթիւ միջգերատեսչական համաձայնագիրներ, պայմանագիրներ կան, նաև միջկառավարական: Այնպէս չէ, որ Հայաստան ընդհանրապէս չէ ճանչցած, քայլ մը առաջ շարժելու հարց կայ, բայց մինչ այդ անհրաժեշտ է ստորագրել դաշինքը», ըսաւ ան։

Նիւթը ամբողջութեամբ՝ սկզբնաղբիւր կայքին մէջ: