Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանն ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյց  ունեցած են:

Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ անոնց ուշադրութեան կեդրոնը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներու որոնումը: Ռուսական կողմը մտահոգութիւն  յայտնած է քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին զոհերու թիւի աճին համար:

Վերահաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիին ներքոյ եւ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միատեղ յայտարարութեան համահունչ քաղաքական-դիւանագիտական դաշտ վերադարձնելու պատրաստակամութիւնը: