«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Երկիրն Այսօր» հաղորդաշարի հիւրն է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, որ յայտնած է, թէ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին պէտք է տրուին յստակ գնահատականներ:
«Ամենատարբեր կողմերէն կը լսուին վերլուծութիւններ, յայտարարութիւններ այն մասին, որ այս պատերազմը նախորդ պատերազմներէն կը տարբերի: Սակայն, միշտ չէ, որ նշուած է, թէ որոնք են այդ տարբերութիւնները, որովհետեւ իմ խորին համոզումով, մնացած բոլոր հարցերը եւ այդ հարցերուն պատասխաններն ու յառաջացած խնդիրներու լուծումը կը բխի անկէ, թէ մենք ի՞նչ պատերազմի մէջ ենք հիմա: Ի տարբերութիւն 90-ականներուն, ի տարբերութիւն Քառօրեայ պատերազմին, այս անգամ մեր թշնամին բոլորովին այլ հարց դրած իր առջեւ», իր խօսքին մէջ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

 

#RecognizeArtsakh
#StopTurkishTerror
#StopAzeriTerror
#SaveLives