«Երկիր».-Աւելի քան 40 խաղաղ բնակիչ զոհուած է Լեռնային Ղարաբաղի չճանչցուած հանրապետութեան մէջ հակամարտութեան վերջին ընթացքին սկիզբէն ի վեր: Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիկը:

«Մարդասիրական հարցերով ՄԱԿ-ի վարչութիւնը յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքով շարունակուող բախումներու առնչութեամբ ծայրայեղ մտահոգութեան մասին: Հոն կոչ ուղղած են անյապաղօրէն դադրեցնել մարտական գործողութիւնները», ըսած է Տիւժարիկը:

»Բախումներու սկիզբէն ի վեր մինչ այս պահը, հաղորդուող տուեալներուն համաձայն, աւելի քան 40 խաղաղ բնակիչ զոհուած է, աւելի քան 200 քաղաքացիական անձեր վիրաւորուած են երկու կողմէն», ըսոած է կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:

#RecognizeArtsakh
#StopTurkishTerror
#StopAzeriTerror
#SaveLives