Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին եւ Քոնկրեսին` պատժամիջոցներ կիրարկելու Ալիեւի եւ Էրտողանի դէմ` պատերազմական յանցագործութեան համար:
«Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Ելեւմուտքի Նախարարութեան արտասահմանեան ունեցուածքի վերահսկման գրասենեակին միջոցով պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի, նաեւ այդ երկու երկիրներու ռազմական առաջնորդներուն նկատմամբ` Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիական անձերու դէմ պատերազմական յանցագործութիւն իրականացնելու համար:
«Նախագահ Թրամփը, Քոնկրեսի երկկուսակցական աջակցութեամբ, պէտք է անյապաղ ուղղորդէ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչինը` պատժամիջոցներ կիրարկելու Ալիեւի եւ Էրտողանի դէմ, երկուքն ալ ակնյայտօրէն մեղաւոր են կանխամտածուած անակնկալ յարձակումը ղեկավարելու եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակման մէջ», ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան:
Եթէ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պահանջած պատժամիջոցները կիրարկէ, Էրտողանի եւ Ալիեւի ամբողջ ունեցուածքը Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի սառեցուի: Միացեալ Նահանգներու կանոնակարգերը սովորաբար կ՛արգիլեն իրենց քաղաքացիները պատժամիջոցներու ենթարկուած անձերու հետ որեւէ գործարք կատարել:

#RecognizeArtsakh
#StopTurkishTerror
#StopAzeriTerror
#SaveLives