Երկուշաբթի կէսօրին Մոսկուայի տնտեսական բարգաւաճման կեդրոնին մէջ աշխատանքային հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռուսիա այցելող սուրիական պատուիրակութեան եւ Ռուսիոյ տնտեսական բարգաւաճման, արտաքին գործոց, արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, ջերմուժի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան մասնակցութեամբ։
Հանդիպումին քննարկուեցան գործնական բոլոր այն քայրերը, որոնք պիտի խթանեն երկու երկիրներու բազմակողմանի գործակցութիւնը, որուն մասին համաձայնագիր մը ստորագրուած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրովի եւ փոխվարչապետ Իւրաի Պորիսէվի Դամասկոս այցելութեան եւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպման առիթով։