ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի հայաշատ Կլէնտէյլի մէջ` ՀՅԴ Կլէնտէյլի «Ահարոնեան» կառոյցը յիշատակի նախաձեռնութիւն կազմակերպած է` ի յիշատակ Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու:
Նախաձեռնութիւնը սկսած է Կլէնտէյլի Սբ. Մարիամ եկեղեցւոյ բակին մէջ, կազմակերպուած է մոմավառութիւն, հնչած են յիշատակի ելոյթներ ու հայրենիսարական կատարումներ: