«Արմէնփրէս».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարներու հետ մօտաւորապէս 11 ժամ ունեցած բանակցութիւններուն մասին: Մնացականեան Հանրային պատկերասփիւռին «Լուրեր» լրատուականին տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է, որ գործընթացը բաւական բարդ էր:
«Մեզի համար, անշուշտ, առաջնային հարցն էր, հասնիլ իրավիճակի մը, ուր պիտի կարենանք վերջ դնել այս արարքին: Արարքը այս պարագային առանձնայատուկ էր, որովհետեւ Ատրպէյճանի գործողութիւնները համալրուած էին բաւական բաց եւ ուժգին աջակցութեամբ Թուրքիոյ կողմէն եւ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու ներգրաւումով: Փաստօրէն, մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը կռուէին բաւական իւրայատուկ պայմաններու մէջ, երբ, բացի Ատրպէյճանէն կար նման ուժգին յարձակում` նման ուժերու ներգրաւումով», ըսած է Մնացականեան:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ տարածաշրջանի մէջ իրավիճակը կը մնայ բաւական փխրուն, անհրաժեշտ է հասնիլ կրակմարին:
«Տարածաշրջանի եւ առաջին կարգին Լեռնային Ղարաբաղի համար սա դարձած էր բաւական լուրջ մարտահրաւէր եւ որեւէ յառաջընթացի մասին խօսիլը առանց աւարտ դնելու, վերջնակէտ դնելու այս իրավիճակին, անշուշտ, անհնար պիտի ըլլար: Բաւական երկար բանակցութիւններու ընթացքին մենք կրցանք արձանագրել, որ մեզի համար անհրաժեշտ է դադրեցնել կրակը, դադրեցնել այս վայրագութիւնը, այս պատերազմը, ամրագրել, ամրապնդել այս դադարը եւ ետքը խօսիլ խաղաղ գործընթացի մասին եւ նաեւ վերահաստատել, որ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը կը մնայ այն միակ ձեւաչափը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարթակն է բանակցութիւններու եւ խաղաղ գործընթացի համար», ըսած է նախարարը:
Մնացականեան աւելցուցած է, որ որեւէ այլ ուժ, յատկապէս` Թուրքիան, այդ առումով որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ:
«Առաջին հարցը այս ճգնաժամը աւարտին հասցնելն է», եզրափակած է Մնացականեան: