«Երկիր».- Al-Masdar News- ը` յղում կատարելով Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կեդրոնէն (SOHR) կը հաղորդէ, որ 400 վարձկանէն աւելի երէկ Սուրիայէն ուղարկուած է Ատրպէյճան` մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Կազմակերպութեան յայտնի դարձած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած սուրիացի վարձկաններուն զոհերու թիւը հասած է 107-ի: Նշուած է, որ վերջին 48 ժամուան ընթացքին սպանուած է առնուազն 26 մարդ: SOHR-ի տուեալներուն համաձայն, վարձկանները առաջին անգամ Ատրպէյճան ուղարկուած են Սեպտեմբերի սկիզբը:
Սուրիացի վարձկաններու մահուան մասին հաղորդուած է նաեւ 5 Հոկտեմբերին: Այդ ատեն աղբիւրը յայտնած էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 93 զոհուած զինեալներու մասին: