Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն»ը հաղորդեց, որ Լաթաքիոյ նահանգի Հֆֆէ աւանի նախագահ Ռաաէտ Իպրահիմ զցուշացուց որ մեծ աղէտ կրնայ պատահիլ եթէ հրդեհը հասնի գիւղատնտեսական ամբարին, որ կ՚ընդգրկէ 150 թոն ամոնիոմ։
Պատկան մարմինները հրշէջներ ուղղարկեցին նախքան աւանի ամբողջութեան բռնկումը, յիշելով որ Հֆֆէ աւանը Լաթաքիոյ հիւսիս արեւելեան բաժինէն 27 քիլօ մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։
Իպրահիմ յայտնեց, որ աւանը կը բռնկի եւ մարդիկ իրենց բնակարանները լքելով ա տուն կը մնան։ Ան կոչ ուղղեց որ յաւելեալ հրշէջներ ուղղարկուին աւան։
Իսկ Հֆֆէի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն տրամադրուած հիւանդանոցին անդրադառնալովԻպրահիմ ըսաւ, որ հիւանդանոցը պիտի պարպուի նկատի ունենալով որ հրդեհը կը շրջապատէ զայն։
Ան յայտնեց, որ Հֆֆէի ենթակայ բոլոր գիւղերը կը բռնկին, ինչպէս Տաֆիլ, Պքաս, Ռասիուն, Մխթարիէ եւ այլ գիւղեր, իսկ բնակիչներ կը փախչին դէպի քաղաք։

Աւելցնենք, որ օրերէ ի վեր հրդռհներ ծայչ առած եմ Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի շարք մւ արուարձաններու անտառներուն եւ բերրի արտերուն մէջ։
Այսօր, Կրօնական Կալուածներու Նախարարութեան որոշումով, Սուրիոյ բոլոր մզկիթները անձրեւ աղերսելու համար միասնական աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած։