Երկուշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Գիւղատնտեսութեան, Կենսոլորտի եւ Ինքնակառավարման Նախարարներ Մուհամմետ Հասսան Քաթնա եւ Հուսէյն Մախլուֆ շեշտեցին, որ ներկայիս առաջնահերթութիւն կը համարուի Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ բռնկած հրդեհները շիջանելէ ետք ահաւոր վնաս կրածներուն փոխհատուցում տրամադրելը։ Պիտի կազմակերպենք յանձնախումբեր իրաքանչիւր հրկիզուած շրջանի մէջ այս նպատակով: Անոնց պարտականութիւնը պիտի ըլլայ վնասները արժեւորել եւ ըստայնմ փոխհատոցումը ճշդել:
Նախարար Քաթնա յայտնեց, որ հրդեհները ահաւոր վնասի մատնեցին գիւղատնտեսական տարածքները, ինչպէս կանաչեղէնի, ձիթապտուղի արտերը եւ այլն:
Ան հաստատեց, որ քամիին արագութիւնը պատճառ դարձաւ, որ 600 հեքթարի տարածութեամբ մէկէ աւելի հողատարածքներ հրկիզուին:
Նախարարը շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան կարգ մը պետութիւններուն պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցները գլխաւոր պատճառը հանդիսացան հրշէջներուն կրակը անյապաղ կերպով շիջանելու անկարողութեան, նկատի ունենալով որ պատժամիջոցներուն հետեւանքով երկրին մէջ հրդեհներ շիջանելու գործիքները բաւարար քանակով չեն ապահովուիր, ինչպէս նաեւ չկան գործիքներ, որոնք ճամբաներու երկու կողմերը գտնուող արագ բռնկող բոյսերը կը մաքրեն, հետեւաբար նախարարութեան մօտ հրդեհները կասեցնելու սարքերուն 30%-ը միայն օգտագործելի է: