Արժանթինի հայ համայնքը 10 Հոկտեմբերին երթ իրականացուցած է դէպի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դեսպանատուներ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Diario Armenia պարբերականը, երթը կազմակերպուած է Արժանթինի հայկական հաստատութիւններու (IARA) ջանքերով:
Բողոքի բազմամարդ երթերը, որոնց ժամանակ ցուցադրուած է «Արցախը Հայաստան է», «Խաղաղութիւն կը պահանջենք», «Թուրքերը մարդասպաններ են» և այլ գրութիւններով պաստառներ, գրաւած են տեղական շարք մը լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը:

Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց հայ երիտասարդները միատեղ յայտարարութիւն ընթերցած են, որուն մէջ ըսուած է. «14 օր շարունակ մեր քոյրերն ու եղբայրները, մէկ բռունցք դարձած, կը դիմագրաւեն հակառակորդի դաժան յարձակումները և մինակ հակահարուած կու տան զաւթիչին, որ կը փորձէ գրաւել այն, ինչ մերն է»:

Այնտեղէն հայ համայնքը երթով ուղղուած է դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր բարձրաձայնած է, որ «Նոյնինքն Թուրքիան ցեղասպանութիւն իրականացուցած է հայերու, ասորիներու և պոնտացի յոյներու դէմ 105 տարի առաջ»: «Ո՞ւր է և ի՞նչ կ՛ընէ միջազգային հանրութիւնը՝ կանգնեցնելու համար այս նոր արիւնարբու ինքնահռչակ սուլթանը», շեշտած են երթի մասնակիցերը: