Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը յայտնած է, որ եթէ Ատրպէյճան շարունակէ խախտել զինադադարը, ՊԲ պատասխանը անհամաչափօրէն կոշտ պիտի ըլլայ:
«10-11 Հոկտոմբերին Ատրպէյճան շարունակած է հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն` թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն ու խաղաղ ազգաբնակչութիւնը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հաւատարիմ է մարդասիրական զինադադարի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան: Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ խախտել մարդասիրական զինադադարը եւ դիմէ նախայարձակ գործողութիւններու, ՊԲ պատասխանը անհամաչափօրէն կոշտ պիտի ըլլայ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: