«Երկիր».-Հոլանտայի եկեղեցիներու խորհուրդը կը դատապարտէ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը: Արցախա-ատրպէյճանական շփման գօտիին ռազմական գործողութիւններու ծաւալումը եւ հետագայ զարգացումները կը շարունակեն Հոլանտայի շարք մը կառոյցներու եւ առհասարակ հասարակութեան լայն շերտերու ուշադրութեան կեդրոնը մնալ:
8 Հոկտեմբերին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէն Ս․ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ թիրախաւորումն ու ռմբակոծումը մեծապէս մտահոգած է Հոլանտայի եկեղեցիներու խորհուրդը:
Հոլանտայի եկեղեցիներու խորհուրդը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որուն մէջ, հակիրճ անդրադարձ կատարելով հակամարտութեան պատմութեան ու ներկայիս զարգացումներուն, դատապարտած է մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման փորձերը եւ աջակցութիւն յայտնած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ խաղաղ բանակցութիւնները վերադառնալու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Եւրոպական Միութեան կոչերուն: