ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է.«Կը խնդրեմ զերծ մնալ մարտական գործողութիւններու մանրամասնութիւններու նկարագրութենէն, կանխատեսումներէն ու խորհուրդներէն, այս կամ այն զէնքերը գովերգելէ եւ այլն:
«Յարգելի հայրենակիցներ կը խնդրեմ զերծ մնալ մարտական գործողութիւններու մանրամասնութիւններու նկարագրութենէն, կանխատեսումներէն ու խորհուրդներէն, այս կամ այն զէնքերը գովերգելէ եւ այլն: Մեր բանակը իր հարցը յստակօրէն կը լուծէ: Եթէ ունիք փաստարկուած դիտարկումներ, նոյնիսկ իմ աշխատանքին մասին, անոնց անդրադառնալու ժամանակ պիտի ըլլայ», գրած է ան: