«Երկիր».-Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորելը ԵՄ ԱԳ նախարարներու հանդիպումէն վերջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին` ընդգծելով ռազմական գործողութիւնները դադարեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Պորել յայտնած է, որ հանդիպումի ընթացքին լսած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գնահատականներու մասին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցած տուեալները:
«Ընդգծած ենք ռազմական գործողութիւնները դադարեցնելու ու բանակցութիւններուն սեղանի շուրջ վերադառնալու կարեւորութիւնը: Մենք քննարկած են այն հարցը, թէ ինչպէս կրնանք նպաստել անոր: Մենք կոչ կ’ուղղենք, որ տարածաշրջանային բոլոր երկիրները իրենց լուման ներդնեն հրադադարը գործադրութեան դնելու եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ քայլեր կատարելու գործին», ըսած է Պորել: