«Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը անընդհատ վերահսկողութեան տակ կը պահէ Արցախեան հակամարտութեան լուսաբանման համար Պաքու մեկնած «France24» հեռուստաընկերութեան լրագրող Քաթէրին Նորիս-թրենթը:
Քաթէրին Նորիս-Թրենթ յայտնած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անընդհատ կը վերահսկէ իրենց տեղաշարժը եւ կը խախտէ լուսաբանելու ազատութիւնը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ իրենց խումբին հետ կը շրջի ուղղորդող, որ կը միջամտէ, երբ անոնք կը փափաքին պարզապէս զրուցել քաղաքացիներուն հետ: