«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջով հաղորդած է, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Ատրպէյճանի կորուստները որոշ տեղերու մէջ գերազանցած են պատերազմի առաջին օրերու իրենց կորուստները:
«Երէկ ու այսօր գրեթէ առանց զրահաթեքնիքայի, շատ խիտ հրետանային կրակի տակ ատրպէյճանական զօրքը մեծ խտութեան շարասիւններով, անդադար գրոհած են մեր քանի մը մարտական դիրքերը: Սակայն կրելով չափազանց շատ կորուստներ ետ շպրտուած են առանց որեւէ յաջողութեան: Որոշ տեղերու մէջ ատրպէյճանական կորուստները կը գերազանցեն առաջին օրերու իրենց կորուստները», գրած է Յովհաննիսեան: