Թարգմանչաց տօնը նաեւ Ճեմարանի տօնն է, այն լոյսի աղբիւրին, որուն հիմնադիրներուն երազանքն էր կեանքի կոչել այնպիսի կրթական օջախ մը, ուրկէ ծնունդ պիտի առնէին հայրենասիրութեամբ տոգորուած ազգի ապագայ ղեկավարներն ու ուսուցիչները։
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ աշակերտական պատարագ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան նախագահեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան: Ներկայ էին թեմիս քահանայից դասը, եկեղեցւոյ թաղականութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեանն ու Ը., Ժ. եւ ԺԱ. կարգերու աշակերտները։ Անոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու եւ խոստանալու ապրիլ, գոյատեւել մեր լեզուին ու մշակոյթին անփոխարինելի ներուժով, եւ սնանիլ անոնց պարգեւած հոգեկան սնունդով:
Օրուան պատարագիչն էր Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան:
Սուրբ Պատարագի շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը։
Օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։
 Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին խորհուրդը եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կարեւոր դերը, անոնց առաքելութիւնը շարունակող սերունդներ հասցնելու մէջ։
Ս. Պատարագին աւարտին, տարիներու աւանդութեան համաձայն, թափօրը ուղղուեցաւ ԱՔԵ Ճեմարանի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն օր. Քարէն Եփփէի,երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի եւ Ճեմարանի հիմնադիրներուն, կրթական մշակներուն յիշատակին։
Ապա Ազգ. Գերեզմանատան մէջ ծաղկեմատոյց եւ մոմավառութիւն կատարուեցաւ օր. Քարէն Եփփէի եւ գրաքննադատ Յակոբ Օշականի շիրիմներուն դիմաց։ Այս երկու մեծերուն պատգամը ժամանակ ու վայր հատելով կը հասնի սերունդէ-սերունդ ու մեզ՝ աշակերտներս կը գօտեպնդէ՝ տէր դառնալու մեր մայրենիին ու հայ դպրութեան արժէքները մեր առօրեային անբաժան մասը դարձնելով:
Մեր հոգիները հպարտութեամբ լեցուեցան ու իւրաքանչիւրիս ուխտը վերանորոգուեցաւ կարծէք՝ պահելու մեր ինքնութիւնն ու լեզուն, նուազագոյնը հայերէն խօսելով, հայերէն գիրք ընթերցելով ու հայ գրականութեան հարստութեան առնչուելով:
Աւարտին ԱՔԵ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան ներկայացուց Քարէն Եփփէի կարեւոր ներդրումը յետեղեռնեան տարիներուն որբահաւաքի աշխատանքին մէջ, դիտել տալով, որ Քարէն Եփփէի եւ անոր գործը շարունակողներուն շնորհիւ է որ այսօր Ճեմարանը կանգուն կը մնայ։
Ժիրայր Կարապետեան