Ամէն անգամ, որ փորձեցի գրիչս շարժել մահագրութեան տողերուն վրայ, նուազագոյն պարտքս մատուցել նահատակ Քրիստափոր Յարութիւնեանի յիշատակին, մտածումներու շղթաս ընդհատուեցաւ, երբ կենդանի Քրիսը իր հեզահամբոյր ժպիտով, միշտ մարմնաւորուած տեսայ իմ առջեւ, յառելով, թէ «մի՛ փորձեր յանձնել զգացումներդ թուղթին, այդ մէկն ա՛լ անընդունելի է ինծի համար եւ պճնանքի համազօր արժեւորում է»: Վերջապէս հաւաքեցի արիութեան խլեակներս, յիշատակներուս բեկորները քով-քովի դնելով, մերժելով անսալ՝ համեստ ու խոհական մեր նահատակ ընկերոջ ընկերական խնդրանքին ու տատամսոտ սահեցուցի գրիչս:
Քրիսը քանի մը առիթներով փորձեց գրկել մարտիրոսութեան գահը, բայց ազգին քերովբէները ետ դարձուցին զինք, եւ չարտօնեցին վաղահաս մուտք գործել անմահներու դարպասէն ներս, որովհետեւ տակաւին իրեն վերապահուած էր առաքելութիւն, անաւարտ ընելիքներ  իր ազգին, հայրենիքին ու գաղափարակից ընկերներուն համար:
Ատենօք, որպէս ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան դաստիարակ եւ վարիչ առաջնորդ, ան շեշտակիօրէն դրոշմեց զաւակներուս մէջ ազգային գաղափարական շունչ, որ այս օտար ափերուն վրայ չէի կարծեր, թէ ուժգնութեամբ պիտի խորասուզուէր եւ ամրագրուէր անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ: Պէտք է խոստովանիմ, որ ընկեր Քրիսին շունչով ջամբուած անբասիր դաստիարակութիւնը, զաւակներուս եւ իրենց տարեկիցներուն համար, պիտի թռիչք առնէր ու ծլէր ու դառնար ատաղձը գաղափարական  իրենց կազմաւորումին:
Արցախեան գոյամարտի վաղ օրերուն՝ այլոց կողքին, ան ընդառաջեց հողին կանչին՝ արեւմտեան բարիքները ետին ձգած ու մերժելով խափուսիկ արեւմտեան «մեծ երազները», ներկայանալով պատնէշ, իր լուման ներդնելու Արցախեան գոյապայքարին: Վերջապէս իր օրրանը դարձուց հայրենի աշխարհը, շիւղ առ շիւղ իր հոգեհատոր բոյնը կառուցելով հայրենի պաշտելի հողին վրայ։ Իր առօրեայով կենսագործեց յանուն հայրենիքին, հայրենի հողին ջերմութեամբ ու բարիքներու բաւարարութեամբ լիանալով, միշտ աչքերը սեւեռելով դէպի գետի այն ափը՝ ամբողջական Հայաստանի սահմանները:
Գերագոյն զոհողութեան պատրաստ մեր շրջապատի ընկերներուն անհամար փաղանգին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն էր Քրիսը։ Իր ծայր աստիճան խոհական, յորդ պահուածքով եւ փարոսներու շլացուցիչ լուսարձակներու տեսադաշտէն խուսափող որպէս խիստ նկարագրի տէր կենսագործեց իր շրջապատին մէջ:
Մէկ տարի առաջ, երբ հայրը հօրս հետ դրկից էր, յանձնուած Թորոնթոյի հիւանդանոցային բժշկական խնամատարութեան, պատեհութիւնը ունեցանք երկար զրուցելու իր ընտանեկան պարագաներուն հետ, Քրիսի բարեմասնութիւններուն ու իւրայատուկ ազգային-գաղափարական պահուածքին մասին։ Հիմա, գնաց եւ միացաւ իր գաղափարակից հօրը՝ ըսելով.  «Պապ, ես քովդ եկայ, ինչպէս գիտես տէր եղայ տարիներ առաջ արտասանած երդումիս, որուն վկան էիր»: Աւելցնելով, թէ. «Օրին բարձրաձայն բացականչեցի ի տես բոլորիդ՝ …Իսկ եթէ հարկ ըլլլայ, կեանքիս գնով ծառայել հայրենիքի ու հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Քրիսը ունէր անտեղիտալի որոշում իմացեալ մահով անմահանալու ու պայքարի ճանապարհին վրայ փռելու իր մարմինը, որպէսզի գալիք սերունդները հանգիստ անցնէին՝ մարտիրոսներով սալայատակուած կամուրջին վրայէն դէպի յաղթական նոր ափունքներ։
Այս օրերուն, համացանցի վրայ երեւցող կամաւորներու հերթին կեցած իր խօսուն պատկերը, շատ բան կը խտացնէ իր մէջ: «ԿԻՏԱՆ ԿԱԼՄԱԶԻ» ճամբուն յառած՝ իր ամօթխած ու համեստութեամբ փայլատակող նայուածքները ու յաղթերգով օրհնաբեր շրթները հպարտութեամբ կը մեներգեն՝ «շարունակէ՛ք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վե՛հ քաջեր»։
ՎԻՏՈՇԻ լերան արեան շիթերուն հետքերով, իր գաղափարակից զինակիցներուն հետ բարձրացաւ Վարանգաթաղի սրբացած բարձունքը ու այս սխրանքով միացաւ արծիւներու երամին, անմահութեան շղարշով պսակելով իր երթը։
Վշտակից ընկեր՝ 
Ժան Հալլաճեան