15 Հոկտեմբերին Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի պատերազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ:

Խորհրդարանը յատկապէս յայտնած է, որ 12 Հոկտեմբերին ձեռք բերուած զինադադարը խախտուած է Ստեփանակերտի ռմբակոծութեամբ` Ատրպէյճանի կողմէ: Ան շեշտած է, որ Ատրպէյճան խախտած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, թիրախաւորած է ոչ ռազմական առարկաներ, որուն հետեւանքով ամէնէն աւելին տուժած է Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:

Բանաձեւին մէջ ըսուած է, որ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւները կ’ապակայունացնեն տարածաշրջանը: Անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէն Արցախի դէմ կռուելու համար սուրիացի ահաբեկիչ վարձկաններու օգտագործման:
Ֆլամանական խորհրդարանի բանաձեւի նախաբանին մէջ հանգամանալից կերպով ներկայացուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան նախապատմութիւնը` հետեւեալ բովանդակութեամբ.
«-1923-ին գերազանցապէս հայերով բնակեցուած Լեռային Ղարաբաղն ընդգրկուած է Սովետական Ատրպէյճանի կազմին մէջ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ,
-1989-ին ԼՂԻՄ-ը Սովետական Հայաստանին միանալու յայտ ներկայացուցած է, սակայն մերժուած է Սովետական Միութեան կողմէ,
-2 Սեպտեմբերի 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն հռչակած է,
Արցախը ինքնավար երկիր է, 2017-ին Լեռնային Ղարաբաղը Հանրապետութիւնը ընդունած է Արցախի Հանրապետութիւն
անունը:
Մենկաբանելով Պելճիքայի ֆլամանական խորհրդարանի բանաձեւը, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան դիտել տուած է. «Այս բանաձեւը ճիշդ կը ներկայացնէ հակամարտութեան պատմական բանաձեւը եւ հանգամանքները: Սա շատ ողջունելի է, եւ կարեւոր առաջին քայլ է: Մենք լիայոյս ենք, որ միջազգային հանրութիւնը կը հասկնայ, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը ատրպէյճանաթրքական իշխանութեան եւ իրենց կողմէ օգտագործուող ահաբեկիչ ջիհատիստներու ցեղասպան ծրագիրներու կասեցնելու անդրժելի նախապայման է»: