15 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան հանդիպած են ՀՀ-ի Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոպիրքինի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը խօսած են Արցախի մէջ ընթացող պատերազմի մասին, միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումներուն մասին` անդրադարձած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:

ՀՅԴ մամլոյ դիւան
15.10.2020թ.