«Ազատ Օր»
Աթէնքի հայութիւնը խուռներամ շարքերով պահանջեց Արցախի միջազգային ճանաչումը

Աւելի քան 2000 հոգի, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կոչին, Չորեքշաբթի՝ 14 Հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան, հաւաքուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական «Սինտաղմա» հրապարակին առջեւ, մասնակցելու համար բողոքի քայլարշաւին եւ ցոյցին դէպի թրքական դեսպանատուն։ Աթէնքի մէջ ապրող հայութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով, իր բողոքի եւ ընդվզումի ձայնը միացուց ամբողջ հայութեան արդար ձայնին, վերջ տալու թուրք-ազերի յարձակումներուն Արցախի վրայ եւ պահանջելու մեր արծուաբոյնին միջազգային ճանաչումը, որպէսզի Արցախի մարտնչող ժողովուրդը ազատ եւ անկաշկանդ ապրի ու ստեղծագործէ իր սեփական հողերուն վրայ։

Որոշեալ ժամուն, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուներու ազդանշանին հետեւելով, հսկայ բազմութիւնը սկսաւ շարժիլ յունական խորհրդարանին առջեւէն, ուղղուելու համար դէպի թրքական դեսպանատուն։

Առջեւը տեղ առած էին Պատանեկան միութեան անդամները, որոնք իրենց ձեռքը բռնած ըլլալով մեծադիր Եռագոյնը դրօշը, ճամբայ կը բանային ժողովուրդին։
Քայլարշաւի ամբողջ ընթացքին, բարձրախօսներէն կը լսուէին Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը դատապարտող խօսքեր եւ լոզունգներ, մինչ ժողովուրդը բարձր ոգեւորութեամբ կը բացագանչէր բոլոր լոզունգները։
Ժողովուրդը հասնելով Ռիղիլիս հրապարակը, ուր աւելի վար կը գտնուի թրքական դեսպանատունը, դէմ յանդիման գտնուեցաւ ոստիկանական մեծ ուժի, որ յատուկ ինքնաշարժերով փակած էր ճամբան դէպի դեսպանատուն, իսկ ոստիկաններու զրահաւոր ջոկատներ կանգնած էին անոնց ետին։
Բոլոր մասնակիցները մնացին հրապարակին վրայ, ուր շարունակուեցան լոզունգները եւ զօրակցական խօսքերը Արցախի սահմաններուն երկայնքին քաջաբար կռուող հայ զինուորներուն համար։
Հոն, մեր երիտասարդները մեծ ծաղրանկար մը զետեղեցին ճամբուն վրայ, որուն մէջ կ՚երեւէր թուրք նախագահը, որ խամաճիկի նման՝ իր ձեռքին մէջ լարերով կը շարժէ ազերի նախագահը։ Երկու ցեղակից բռնատէրերու յատկանշական արիւնարբու դիմագիծը ցոյց տալու համար, երիտասարդները նկարին վրայ թափեցին արիւնը խորհրդանշող հեղուկ, մինչ ժողովուրդը բացագանչութիւններով իր ընդվզումը կ՚արտայայտէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան դէմ։
Նոյն պահուն, մեր երիտասարդները յատուկ հրավառներ բռնած, կատարեցին մեր Եռագոյնը խորհրդանշող կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն լոյսերու բոցավառումներ, որոնք տպաւորիչ տեսարան մը ստեղծեցին՝ դէպի երկինք խոյացող լոյսերու արձակումով։ Խորհրդանշական էր պահը, երբ արդէն մթնցած ժամուն, բոլոր ժողովուրդը իր բջիջային հեռաձայներուն լոյսերը վարեց, միաժամանակ բարձրախօսէն լսուեցաւ հայ զինուորին ձօնուած երգ մը։ Յուզիչ էր մթնոլորտը, բացարձակ լռութեան մէջ՝ պլպլացող լոյսերու ճառագայթումով եւ զգայացունց երգի կատարումով։
Մթնոլորտէն ոգեւորուած եւ բողոքի բարձրալիք արտայայտութեամբ, մեր առաջատար երիտասարդները աւելի մօտեցան դեսպանատան շէնքին, հասնելով մինջեւ ոստիկանական արգելիչ գիծը, ուր աւելի բուռն թափով սկսան վանկարկել հակաթուրք եւ հակաազերի լոզունգներ, պահանջելով պատերազմի անմիջական դադարը։ Աւելի ուշ, ժողովրդային բազմամարդ ցոյցը վերջ գտաւ «Մեր հայրենիք» ոգերգի միաբերան երգեցողութեամբ։
Հայ ժողովուրդի կողքին, ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով յոյն բարեկամներ, Յունաստանի համապոնտական միութեան անդամներ, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հոս պէտք է նշել, որ այսօր, Հինգշաբթի՝ 15 Հոկտեմբերին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը պիտի ուղղուի դէպի Յունաստանի խորհրդարանը, ուր յատուկ յուշագիր պիտի յանձնէ քաղաքական կուսակցութիւններու պատասխանատուներուն, որուն մէջ նշուած է Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման հրամայականը, ինչպէս նաեւ թուրքեւազերի յարձակումներու անմիջական դադրեցման պահանջն ու կոչ միջազգային ընտանիքը զգաստութեան գալու։