TolishMedia -ն կը հաղորդէ, որ ատրպէյճանցի մայրերը յայտարարութիւն տարածած են, ուր ըսուած է․

« Ատրպէյճանցի մայրեր․

Մեր որդիները այսօր կը զոհաբերեն իրենց կեանքը յանուն բռնատիրութեան եւ Ալիեւի փտածութեան կլանի պահպանման։ Այս օրերուն մեր որդիները մահուան աչքերուն մէջ կը նային, կը պայքարին ոչինչի համար, ոչ թէ մեր հողերը վերադարձնելու, այլ Ալիեւի իշխանութիւնը պահպանելու համար։

Այժմ մենք ոտքի ելած ենք եւ կը պահանջենք, որ անոնք պատասխան տան մեզի, թէ յանուն ինչի մեր որդիները կը զոհուին։Առաջին կարգին մենք պէտք է միանանք ընդդէմ մեզ ճնշող աղաւաղուած բռնապետական կլանին։

Ո՞ւր են մեր նահատակներուն դիերը, Ո՞ւր հասած է մեր երկիրը այս օրերու ընթացքին, ի՞նչ ձեռք բերած է։Այս հարցերուն ոչ ոք կը պատասխանէ։Ամէն ինչ սուտ է։Ինչ կ’ըսէ երկրի նախագահը։ Ան կ’ըսէ, որ մեր զոհերուն թիւը պետական գաղտնիք է։ Ան կը թաքցնէ մեզմէ, թէ որու որդին կենդանի է , իսկ որունը զոհուած է։

Մեր հարցերը պետք չէ անպատասխան մնան։ Ալիեւը կը մտածէ միայն, թէ ինչպէս մեր որդիները կեանքի գնով պահպանեն իր իշխանութիւնը։ Մենք պետք չթ թոյլ տանք մեր որդիներուն զոհաբերեն։ Մեր պարտքն է պահանջել Ալիեւէն, որ ան պատասխանէ մեր հարցերուն։ Ըլլանք միասնական։ Ոչ մէկ բան պէտք է մեզի խանգարէ Ալիեւներու կլանը տապալելու համար։ Կլանը, որ կը զոհաբերէ մեր որդիներուն կեանքը եւ մահուան կը տանէ մեզի», ըսուած է ատրպէյճանցի մայրերուն յայտարարութեան մէջ։