«Ա՜խ, լեզո’ւն, լեզո’ւն, լեզուն որ չ՚ըլլի, մարդ ինչի՞ նման կ՚լլի։Մէկ ազգի պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն ա ու հաւատը։ Լեզուդ փոխի’ր, հաւատդ ուրացի’ր, էլ ինչո՞վ կարես ասիլ թէ որ ազգիցն ես …»

Այս գաղափարէն մեկնելով, Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր, 2020_ին, Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները իւրայատուկ կերպով յիշատակեցին Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:

Տօնախմբութեան կազմակերպական աշխատանքները յանձն առած էին իններորդ եւ տասերորդ կարգի աշակերտները, որոնք բծախնդրութեամբ ներկայացուցին հայոց ոսկեղնիկին՝ գիրերու գիւտին պատմականը եւ անոր անժամանցելի պատգամը մեր ազգային ինքնութեան պահպանման գործընթացին մէջ։ Անոնք մերթ ընդ մերթ լօզունքներ հնչեցուցին մայրենիին ճոխութիւնն ու գովքը հիւսելով։
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձութեան անդամներու ներկայության, դասարան առ դասարան ներկայացուցին իրենց պատրաստած արտասանութիւնները, երգերն ու թատրոնը ։

Վարժարանի տնօրէնուհի` Օրդ.Ծովակ Պաղպուտարեան բարձր գնահատեց աշակերտներուն ցուցաբերած ակնածանքն ու սէրը հայոց լեզուին նկատմամբ։ Ան անդրադարձաւ թարգմանական աշխատանքներուն կարեւորութեան, որուն միջոցաւ Հայ ժողովուրդը պահեց իր ինքնութիւնը: Ան խրախուսեց աշակերտները սիրելու եւ լաւապէս սորվելու մայրենի լեզուն:
Աւարտին աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ եւ լիահագագ երգեցին «Ով Մեծասքանչ դու լեզու» եւ «Ազգ փառապանծ» երգերը։ Անոնց մեղրածոր շրթներէն հնչած մեսրոպաշունչ մեղեդին խինդով ողողեց դահլիճը եւ ցնծութեամբ համակեց բոլորին հոգիները։

Սոնա Անտրեան