Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը հաղորդած է, որ Աւստրալիոյ հայ համայնքը Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արարքի դատապարտման պահանջով փակած է Սիտնիի Հարբոր կամուրջը:
Հայաստանի դրօշներով բազմաթիւ մեքենաներու ցոյցին հետեւանքով կաթուածահար եղած է Հարբոր կամուրջի երթեւեկութիւնը:
Աւստրալիոյ հայ համայնքի անդամները պահանջած են դատապարտել թուրք-ատրպէյճանական արարքը եւ գործուն քայլեր ձեռնարկել զայն դադրեցնելու ուղղութեամբ:
24 Հոկտեմբերին հայ համայնքը Սիտնիի մէջ քայլերթ կ’իրականացնէ` Աւստրալիայէն պահանջելով դադրիլ լռել Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ կողմէն Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ սանձազերծած արարքին հանդէպ: