ԱՀ Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը 18 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանին հետ:
Խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան յայտնած է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ կայացած հանդիպումին ներկայացուած են պատերազմական դրութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ, իրավիճակին մէջ կտրուկ բեկում մտցնելու համար քննարկուած են Արցախին պարտադրուած պատերազմին մէջ ԱՀ եւ ՀՀ ընելիքները:
Քննարկուած են նաեւ այս ուղղութեամբ ՀՀ` ուժային կեդրոններուն հետ յարաբերութիւններուն հեռանկարները: