Երկուշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանը օրէնսդրական երրորդ շրջանին վեցերորդ նիստը գումարեց Համուտա Սապպաղի նախագահութեամբ:
Սապպաղ քննարկեց Սուրիոյ Տնտեսութեան եւ Արտաքին Առեւտուրի Նախարարութեանց ընթացքը եւ անոնց առնչուող հարցերը։
Սուրիոյ տարբեր շրջաններուպ մէջ տեղի ունեցած հրդեհներուն անդրադառնալով, Սապպաղ հաստատեց, որ Խորհրդարանի անդամները որպէս Սուրիոյ քաղաքացիներու ներկայացուցիչներ պէտք է ժողովուրդին կողքին կանգնին եւ մեղնացնեն իրենց տառապանքը:
Նախարար Խալիլ յայտնեց, որ ներածման քանակը նուազած է 3 միլիառ եւ 100 միլիոն եւրոյի, մինչդեռ նախորդ տարի նոյն շրջանին ներածման քանակը 4 միլիառ եւրօ էր, այսինքն շուրջ 23%, յայտնելով, որ նախարարութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէ արտածման եւ ներածման, գործընթացներու զարգացուն եւ հում նիւթերըծու ապահովում, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ տնտեսական պատժամիջոցներուն ազդեցութիւնը մեղմանայ:
Իր կարգին, Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարար դոկտ. Մուհամմէծետ Սամէր Խալիլ ներկայացուց նախարարութեան գործընթացը, յայտնելով, որ տեղական արտադրւթիւնը քաջալերելով, արտածումը աւելցնելով եւ ներածումը նուազեցնելով երկրին հաշուեկշիռը բարելաւուիլ սկսաւ:

Արտաքին տնտեսութան փոխյարաբերութիւններուն շուրջ, Խալիլ յայտնեց, որ զանազան համաձայնագրութիւններ ստորագրուեցան բարեկամ երկիրներու հետ, ինչպէս Ռուսիոյ, անոնց մասին պիտի խորհրդակցին յառաջիկայ Նոյեմբեր ամսուն մէջ տեղի ունենալիք սուրիական-ռուսական միացեալ յանձնախումբի ժողովներուն: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Խրիմի Հանրապետութեան միջեւ ծովային փոխադրութեան ընկերութիւն պիտի հիմնուի եւ Սուրիա Եւրասիական միութեան պետութիւններուն հետ արտածման եւ ներածման առանձնայատկութիւններ պիտի ունենայ առանց մաքսային տուրքեր վճարելու: