«Արմէնփրես».- Պաշտպանութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան 18 Հոկտեմբերին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմի ընթացքին 18 Հոկտեմբերին, մինչեւ 20:30 խոցուած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու 9 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ 2-ը` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ:
«Օրուան ընթացքին գործուն մարտական գործողութիւներու ընթացքին Ատրպէյճանը դարձեալ կիրառած է օդային յարձակման տարբեր միջոցներ, Աթս-ներ: 20:30-ի դրութեամբ խոցուած է 9 ԱԹՍ, որոնցմէ երկուքը ՀՀ տարածքին», ըսաւ Յովհաննիսեան: