ՍԱՆԱ-Դամասկոս

Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Չորեքշաբթի 21, Ուրբաթ 23 եւ Շաբաթ 25 Հոտեմբեր 2020-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Շարիքա Էմիրութենէն երեք օդանաւեր պիտի հասնին Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր փափաքողներուն, Շարիքայի մէջ սուրիական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակը այցելելու եւ ապահովելու իրենց տոմսերը:
Յիշենք, որ ամիսներ շարունակ պսակաձեւ ժահրի պատճառով դադրելէ ետք, Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն առաջին թռիչքը տեղի ունեցաւ 1 Հոկտեմբեր 2020-ին մեկնելով Քահիրէ: