«Փոլիթիքօ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 23 Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Կայքին համաձայն, ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նախ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Փոմփէոյի հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ:

Կը հաղորդուի, որ Միացեալ Նահանգներու Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանով չէ բացառած Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման կարելիութիւնը:

Կայքը կ՛աւելցնէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` նոյն օրը Ուաշինկթըն այցելելը կը վկայէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխուժացնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ջանքները:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան «Տը Հիլ»ին յայտնած էր, որ աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Ուաշինկթըն այցելութիւնը նախապատրաստելու ուղղութեամբ: