ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին ուղերձը. «Դաշնակցութեան համար կը շարունակուի անընդունելի մնալ տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը: Դաշնակցութեան համար անընդունելի է առանց Արցախի անկախութեան ճանաչման` հակամարտութեան լուծման որեւէ տարբերակ: Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, ինչպէս նախապէս անընդունելի եղած է, հարցի փուլային լուծման շրջանառուող որեւէ տարբերակ: Մենք այս պատերազմին չյաղթելու իրաւունք չունինք: Մենք պատասխանատու ենք մեր սերունդներուն առջեւ: Մենք այս պատերազմին մեծ եւ ծանր գին վճարած ենք: Մենք պէտք է յաղթենք. սա մեր պետութեան գոյութեան հարցն է: Մենք այս ժամանակահատուածին, այս օրերուն ծանր կացութեան մէջ ենք, բայց սա պէտք է յաղթահարենք: Մենք մեր պատմութեան ընթացքին, այսօր նաեւ արցախեան ազատամարտին մէջ շատ աւելի ծանր օրեր ունեցած ենք, եւ միասնաբար, թեւ-թիկունք տալով յաղթահարած ենք, որովհետեւ սա է ճանապարհը: Մենք պէտք է վերակազմակերպուինք, բեկում մտցնենք ռազմաճակատին եւ երթանք դէպի յաղթանակ: Այլ տարբերակ պարզապէս չկայ»: