‘Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 168-րդ նիստը գումարուեցաւ Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, ներկայութեամբ՝ Թեմի ազգային երեսփոխաններուն, Կրօնական Ժողովին, Ազգ. Վարչութեան եւ ազգայիններէն Տիար Յակոբ Քիլէճեանի:
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթքով եւ բացման խօսքով Ժողովի բացման կարգը կատարելու:
Սրբազան Հօր աղօթքով սկիզբ առաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 168-րդ նիստը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը մատուցեց՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ հանգուցեալ Տիար Յարութ Քիլիսեանի հոգւոյն:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացման խօսք արտասանեց, յայտնելով, թէ հակառակ պսակաձեւ ժահրի համավարակի վտանգին եւ տնտեսական դժուարին պայմաններուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր կազմերը լծուեցան աշխատանքի եւ վերակազմակերպուած կերպով յառաջ տարին իրենց վստահուած գործունէութիւնը:
Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ նշեց, թէ պատմական այս Թեմը դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները հաստատուն կը մնայ իր առաքելութեան մէջ եւ արիաբար կը շարունակէ իր գոյերթը, հաւատարիմ մնալով Սուրիական Հայրենիքին:
Մասիս Եպիսկոպոս երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ անցնող ամիսներուն Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, որ քաջալեր ներդրում ունեցաւ հայ դատի հետապնդման գործընթացին մէջ: Սրբազան Հայրը ողջունեց նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս հայ երեսփոխաններուն Արցախի զօրակցութեան ի նպաստ արտասանած խօսքերը:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցող թշնամիի դաւադիր յարձակումներուն, Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ շուտով խաղաղութիւնը հաստատուի Արցախի մէջ:
Այնուհետեւ Ընթերցուեցան Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի միամեայ տեղեկագիրները, որոնք հանգամանօրէն ներկայացուցին միամեայ ժողովական, թեմական, յարաբերական, միջ-համայնքային, միջ-եկեղեցական, հոգեւոր, ուսումնակրթական, կալուածային-շինարարական, տնտեսական, զօրակցական բնագաւառներու լայնածաւալ գործունէութիւնները:
Ընթերցուեցան նաեւ Ազգային Երեսփոխանական 167-րդ նիստով հաստատուած Ուսումնակրթական Հարցերու, Կալուածային եւ Տնտեսական Սերտողութեան յանձնախումբերու տեղեկագիրները:
Տեղեկագիրներու ընթերցումէն ետք ժողովականները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին, համապատասխան զեկոյցներ ստացան եւ Թեմի գործունէութիւնը հարստացնող շինիչ առաջարկներ ներկայացուցին:
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 168-րդ նիստը վերահաստատեց, թէ Արցախը մեր ազգային կեանքին առանցքը կը կազմէ եւ անոր խաղաղութեան եւ անսասանութեան ապահովումը առաջնահերթութիւն կը նկատուի: Ժողովը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հայոց պետականութեան եւ հայոց բանակին, կարելի բոլոր միջոցներով սատար հանդիսանալով Արցախի գոյապայքարին եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնական վճռականութեամբ դէմ դնելով ցեղասպան թուրքի խաւարային ծրագիրներուն:
Ազգային Վարչութեան բազմազան ու տարաբնոյթ աշխատանքները առաւել արդիւնաւորելու հեռանկարով, Ազգային Երեսփոխանական ժողովը որոշեց եօթը անդամներու փոխարէն ինը անդամներ ներառել Ազգային Վարչութեան մէջ: Հետեւաբար ժողովի որոշումով Ազգային Վարչութեան միացան Տիար Ճորճ Շահինեան, Տիկ. Մարալ Գալայճեան-Սէմէրճեան եւ Տիար Յարութ Հայրապետեան:
Ժողովի օրակարգերու աւարտին, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակելու նիստը:
Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց ժողովի աշխատանքները եւ անկէ բխած արդիւնքները, ապա գնահատեց Թեմի ազգային մարմիններուն անցնող տարուան գործունէութիւնը մաղթելով, որ վերանորոգ թափով սկսին յառաջիկայ շրջանը՝ վերածաղկեցնելով Բերիոյ Հայոց Թեմը:
Սրբազան Հայրը որդիական շնորհակալութիւն յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սուրիահայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, ապա շնորհաւորեց Նորին Սրբութիւնը՝ իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 25-րդ ամեակին առիթով, մաղթելով բարեյաջող ծառայութիւն եւ արեւշատ տարիներ, իբրեւ ազգընտիր Հովուապետ իմաստութեամբ հովուելու իր հոգածութեան յանձնուած հայ եկեղեցւոյ զաւակները։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիայէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներուն, որոնք անցնող օրերուն նեցուկ կանգնեցան սուրիահայութեան եւ նիւթապէս թէ բարոյապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին մեր ժողովուրդին նկատմամբ:
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը Աստուծոյ նախախնամութիւնը հայցեց՝ Սուրիական Հայրենիքի բարօրութեան եւ Արցախի մեր սահմաններուն անդորրութեան համար:
Ազգային Երեսփոխանական ժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի
16/10/2020