Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» թերթը հաղորդեց որ Համայի հիւսիսային Մօրէք քաղաքին մէջ թրքական ուժերը սկսան դուրս գալ իրենց հսկողութեան կեդրոնէն: Աղբիւրը յայտնեց, որ թրքական ուժերուն սպաները, զինուորներն ու զինուորական սարքերը Մօրէքէն դուրս հանելը զինուորական հսկայ պարտութիւն է իրենց համար: Անոնք շրջապատուած էին սուրիական բանակին կողմէ եւ տեղւոյն բնակիչները յաճախ կը համախմբուէին շրջանի թրքական ամենամեծ հսկողութեան կեդրոնին շուրջ եւ կոչ կ’ուղղէին թրքական ուժերուն անմիջապէս դուրս գալու Մօրէք գիւղէն, որ լարուածութեան մեղմացման գօտի կը համարուի:
Թրքական Պաշտպանութեան Նախարարութեան որոշումով, թրքական ուժերը փոխադրակառքեր ապահովեցին իրենց զինուորական սարքերը սուրիական բանակի հսկողութենէն դուրս, թրքական բանակին հսկողութեան տակ գտնուող Իտլիպի շրջաններէն մէկը փոխադրելու համար: