Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ին, «Ուաթան Օնլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արդիւնաբերական պալատի նախագահ Ֆարէս Շիհապի յայտնեց, որ սուրիական կառավարութեան արդիւնաբերական եւ առեւտրական մազութի գինը 300 ս.ո.-էն 650 ս.ո.-ի բարձրացնելը իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ շուկայէն ներս: Շիհապի շեշտեց, որ մազութի գինին բարձրացումը իր կարգին արտադրութեան եւ փոխադրութեան ծախսերը պիտի բարձրացնէ, ինչպէս նաեւ շուկայէն ներս սղաճ տեղի պիտի ունենայ եւ կարգ մը գործարաններ աշխատանքէ պիտի դադրին: Շիհապի դիտել տուաւ, որ այս մէկը նաեւ իր վատ ազդեցութինը պիտի ունենայ արտածման վրայ, մանաւանդ, որ արդիւնաբերական եւ ճարտարարուեստական զանազան շրջաններ արդէն ելեկտրականութեան հոսքի անջատումէն կը տառապին: