Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2020-ի 25 թուակիր հրամանագիրը, ըստ որուն 50,000 ս.ո. նուէր գումար պիտի տրամադրուի քաղաքային եւ զինուորական ընդհանուր հատուածի պաշտօնեաներուն եւ 40.000 ս.ո. հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներուն։
50.000 կը տրամադրուի նախարարութիւններու, տնօրէնութիւններու, ընդհանուր հատուածի հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, ինքնակառավարման ստորաբաժանումներու, առանձին եւ միացեալ դպրոցներու պաշտօնեաներուն։
Յիշեալ յաւելումը զերծ պիտի մնայ տուրքերէն:
Հրամանագիրը ի գործ կը դրուի հրապարակման թուականէն սկսեալ։