«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ատրպէյճանին եւ անոր աջակցող Թուրքիոյ կոչ ուղղած է հրաժարիլ միջազգային հանրութեան` կրակի դադարեցման վերահսկելի վարչակարգի հաստատման ուղղուած ջանքերը տապալելու գործողութիւններէն եւ մեղքը հայկական կողմի վրայ բարդելու քաղաքականութենէն:
«Այսօր Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն հանդէս եկած է ձեռնավարական յայտարարութեամբ, ուր փորձ կատարած է ԼՂ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը մերժող Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը հրամցնել որպէս հայկական կողմի մօտեցում: Թուրքիոյ եւ անոր կողմէն հովանաւորուող ահաբեկիչներու ուղղակի ներգրաւմամբ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուող ռազմական արարքը ուղղուած է Արցախի բնիկ ժողովուրդի բնաջնջման եւ առաջին իսկ օրուընէ ուղեկցուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բազմաթիւ խախտումներով ու պատերազմական յանցագործութիւններով: Այս գործողութիւնները օրուան հրամայական կը դարձնեն Արցախի ժողովուրդին գոյութենական անվտանգութեան լիակատար ապահովումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ ՀՀ-ն հետեւողականօրէն կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու միջնորդութեամբ 10 Հոկտեմբերի եւ 17-ի յայտարարութիւններով համաձայնեցուած կրակի դադարեցման պայմանաւորուածութիւններու անվերապահ իրականացման:
«Մշտապէս հանդէս գալով հակամարտութեան ռազմական կարգաւորումը բացառող դիրքերէն` մէկ անգամ եւս կը շեշտենք, որ ԼՂ հիմնահարցը կրնայ կարգաւորուիլ բացառապէս խաղաղ միջոցներով միջազգային մանդատ ունեցող ձեւաչափի` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակներով: կոչ կ’ուղղենք Ատրպէյճանին եւ իր հովանաւոր Թուրքիոյ հրաժարիլ միջազգային հանրութեան` կրակի դադարեցման վերահսկելի վարչակարգի հաստատման ուղղուած ջանքերը տապալելու գործողութիւններէն եւ մեղքը հայկական կողմի վրայ բարդելու իրենց աւանդական քաղաքականութենէն», նշուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: