«Երկիր».- Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը հաղորդած է, որ օրուան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի եւ «Մարտակերտի շրջանները դարձեալ յայտնուած են ատրպէյճանական թիրախին մէջ: Ատրպէյճանական զինեալ ուժը հրետանի կիրառած է Մարտունի քաղաքի եւ համանուն շրջանի Հերհեր գիւղի ուղղութեամբ, նիւթական վնաս հասցուցած է խաղաղ բնակչութեան:
Արդէն երկրորդ օրն է թշնամին ռազմական գործողութիւն կը կիրառէ Մարտակերտ քաղաքի եւ յարակից գիւղերու ուղղութեամբ: Այստեղ էական վնասները շատ են:
Օրուան ընթացքին քաղաքացիական բնակչութեան շրջանը, բարեբախտաբար, զոհեր ու վիրաւորներ չեն եղած», ըսուած է ԱԻՊԾ յայտարարութեան մէջ: