Օր. Էմմա Ազարիկեանը նկարագրելու համար բաւարար է ըսել, որ ան ուսուցչուհի էր բառին լիարժէք իմաստով:
Ուսուցչուհի էր ոչ թէ միայն դասարանէն ներս, այլեւ առօրեայ, միութենական իր կեանքին, ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ անգամ:
Նախակրթարանի օրերուս, Ազգ. Հայկազեան վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհիս ջանք ու եռանդ չէր խնայեր հայերէնը սորվեցնելու եւ սիրցնելու իր աշակերտներուն: Դասաւանդելը եւ սորվիլը ժամերու մէջ սահմանափակելը, պարտականութեան վերածելը ամօթալի երեւոյթներ էին օր. Էմմային համար:
Դասարան կը մտնէր ժպիտը դէմքին, կապտաւուն աչքերէն լոյս եւ ջերմութիւն կ’արտացոլային: Ներս մտնելուն պէս ձեռքէս բռնած ամպիոն կը բարձրացնէր զիս ու կը թելադրէր. «Զարմինէ՛, երգել բային խոնարհումը, իր բոլոր ձեւերով, գոց ըսէ՛, մինչեւ որ պարտականութիւններու ստուգումը կատարեմ»: Ու ամէն օր աշակերտի մը պարտքն էր բայի մը խոնարհման, գոյականի մը հոլովման ձեւերը արտասանել: Ամէն օր այդ կարճ ժամանակուան մէջ կրկնել տալով, մեր ուսուցչուհին մատղաշ մտքերուն մէջ դրօշմած կ’ըլլար արեւմտահայերէնին յատուկ հոլովումի եւ խոնարհումի բոլոր ձեւերը:
Նախքան աշակետներուն դասարան մտնելը օր. Էմման, իր գեղեցիկ ու ընթեռնելի ձեռագիրով, օրուան դասը ամբողջութեամբ գրած կ’ըլլար գրատախատակին մէկ ծայրէն միւսը: Առաւօտեան ժամը 7:30-ին արդէն գրատախտակը լեփլեցուն կ’ըլլար: Ափ ի բերան կը մնայինք… Ե՞րբ գրած էր այդքան բան, ո՞ր ժամուն դպրոց եկած էր, չէինք իմանար: Աշակերտը երբ դասարան մտնէր, դասը պատրաստ պիտի ըլլար իր դիմաց:
Օր. Էմման լաւ գիտէր, որ շաբթուան պահերը անբաւարար էին հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասերը աւարտին հասցնելու համար: Բայց մեր ուսուցչուհին լուծումը գտած էր: Կը թելադրէր ամէն օր դասապահերէն կէս ժամ առաջ՝ ժամը 7:30-ին, ներկայանալ դպրոց, որպէսզի այդ կէս ժամուան մէջ, անկախ դասապահերէն, դասի անաւարտ որեւէ ծրագիր աւարտին հասցնէր ու մեր գիտելիքները հարստացնէր: Այդ պահերը կոչեցինք «7:30», ու ամէն օր նախքան մեր արձակուիլը կը հարցնէինք իրեն. «Օրիո՛րդ, վաղը «7:30» ունի՞նք» եւ անյոյս կը սպասէինք ժխտական պատասխանի մը, քիչ մը հանգստանալու եւ դասերէն խոյս տալու համար, սակայն միշտ ալ դրական պատասխան կը ստանայինք. «Անշո՛ւշտ ունինք, չուշանաք, տղա՛ք»:
Չէինք ուշանար, սկսած էինք սիրել այդ պահերը: Օր. Էմման յաջողած էր մեր դժգոհ դէմքերը ժպիտով զարդարել ու համոզել, որ հայերէնի դասապահը ժամերու մէջ կարելի չէ սահմանափակել, որովհետեւ հայերէն սորվիլը հաճելի աշխատանքի պէտք է վերածել, ոչ թէ սովորական դասի մը, գնահատանիշի մը շրջագիծերով սահմանափակել զայն:
Տարի մը ամբողջ «7:30»երուն ներկայ ըլլալով հայերէնի իմացութեան մէջ մեր սերնդակիցներէն քայլ մը առաջ անցած էինք արդէն:
Այսպէս էր օր. Էմման նաեւ միութենական կեանքին մէջ՝ հետեւողական ու բծախնդիր: Տարիներ շարունակ ծառայելով Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, որպէս «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի վարչական, ապա նաեւ Շրջ. Վարչութեան անդամ, ամէն օր ներկայ էր Համազգայինի կեդրոն: Յաճախ ատենադպրութեան պաշտօնը ստանձնելով այնքան կոկիկ ու դասաւորուած կը գրէր, արխիւներ կը պահէր, ծրագիրներու մշակման կը նպաստէր, որ ուսուցուհիի մը առաքելութեամբ կը գործէր ու կը սորվեցնէր երիտասարդ միութենականներուն: Ձեռնարկներու յատուկ մեծ տետրակ մը ունէր, որ այնքան տպաւորած էր զիս: Այդ տետրակին մէջ իւրաքանչիւր ձեռնարկի մանրամասնութիւնները կ’արձանագրէր, լուսանկարները, յայտագիրներն ու տոմսերը կը փակցնէր յատուկ էջի մը վրայ, ապա կ’աւելցնէր այդ ձեռնարկին մասին «Գանձասար»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները ու այսպէս ամբողջական, վաւերական արխիւ մը կը պատրաստէր իւրաքանչիւր գործունէութեան մասին:
Աններող էր լեզուական, ուղղագրական սխալներ թոյլ տուողներուն նկատմամբ: Իր դիտողութիւնը կ’ուղղէր սխալողին՝ առանց խնայելու զինք: Ով ալ ըլլար ան, ինչ պաշտօն ալ ունենար, նոյն սուր քննադատութեան կ’արժանանար:
Օր. Էմման մեծ ներդրում ունեցաւ նաեւ «Գանձասար» շաբաթաթերթին: Իր իւրայատուկ թղթակցութիւնները, յօդուածները, մշտական ներկայութիւնը թերթի սիւնակներուն մէջ երիտասարդ գրողներուն ուղեցոյց կը դառնային: Այնքան գեղեցկօրէն կը նկարագրէր ձեռնարկ մը, պարախումբի մը ելոյթը կամ թատերական ներկայացում մը, որ ընթերցողը անպայման կը մղէր ներկայ ըլլալու ձեռնարկին:
Ուսուցչուհիս կողքիս էր միշտ, դպրոցէն ներս՝ իր խստութեամբ, միութեան մէջ՝ իր ժրաջանութեամբ, իսկ խմբագրատան մէջ՝ իր մնայուն աշխատակցութեամբ, մինչեւ իր կեանքի վերջին ամիսները:
Երբ թղթակցութիւն մը, յօդուած մը յանձնէր, անպայման կը փափաքէր ձեւաւորումէն ետք կրկին աչքէ անցընել, որպէսզի վրիպակ մը չըլլար իր յօդուածին մէջ: Էմմա Ազարիկեանին համար անթոյլատրելի էր անխնամ լեզուով, թոյլ ոճով գրութիւն յանձնել թերթին:
Այսպէս էր օր. Էմման, երկնագոյն, գեղեցիկ աչքերուն, նրբակազմ մարմինին մէջ խիստ ու վճռական ուսուցչուհիի մը հոգին կը հսկէր մշակութային, լրատուական, հրատարակչական եւ կրթական մեր կեանքին: Հոգի մը, որմէ միայն սէր եւ գուրգուրանք կ’արտացոլային:
Զարմինէ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան