«Երկիր».- ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան դիմատետրի իր էջին վրայ կը գրէ.«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով 24 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցան ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալ Սթիւըն Պիկանի հետ եւ վերահաստատեցին իրենց երկիրներուն յանձնառութիւնը կեանքի կոչելու եւ պահպանելու կրակի դադրեցման համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Մոսկուայի մէջ 10 Հոկտեմբերին եւ վերահաստատուած 17 Հոկտեմբերին` համահունչ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէն 1 Հոկտեմբերին կատարուած յայտարարութեան:
«ԱՄՆ-Հայաստան-Ատրպէյճան միատեղ յայտարարութիւն.
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով 24 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցան ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալ Սթիւըն Պիկանի հետ եւ վերահաստատեցին իրենց երկիրներուն յանձնառութիւնը կեանքի կոչելու եւ պահպանելու կրակի դադարեցման համաձայնութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Մոսկուայի մէջ 10 Հոկտեմբերին եւ վերահաստատուած 17 Հոկտեմբերին` համահունչ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէն 1 Հոկտեմբերին կատարուած յայտարարութեան:
Մարդասիրական հրադադարը գործադրութեան կը դրուի 26 Հոկտեմբերին, տեղական ժամանակով` 08:00-ին:
Միացեալ Նահանգները խթանեցին ներառական բանակցութիւններ ԱԳ նախարարներու եւ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջեւ` Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման մօտեցնելու նպատակով»: