23 եւ 24 Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: ԱԳ նախարարը հանդիպած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարի նախագահ Քարոլայն Մուգարին, համագումարի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի համանախագահ Էնտընի Պարսամեանին, համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայեան Արտունիին, ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանին եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեանին:
Նախարարը իր զրուցակիցներուն ներկայացուցած է Ատրպէյճանի` Թուրքիոյ անմիջական աջակցութեամբ եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ Արցախի դէմ սանձազերծուած արարքին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ կրակի դադարեցման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Ամերիկայի Հայկական Համագումարի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները նախարարին ներկայացուցած են Ամերիկայի Համայնքի մտահոգութիւնները Ատրպէյճանի արարքին հետեւանքով Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին, իրազեկած են իրենց կողմէն ձեռնարկուող քայլերուն ու հետագայ ծրագիրներուն մասին:

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն