«Երկիր».- ԱՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ օրուան ընթացքին` յետմիջօրէին, ատրպէյճանական ուժերու կողմէն հրետակոծութեան ենթարկուած են Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց, Սղնախ եւ Մոշխմհատ գիւղերը: Քաղաքացիական շրջանին մէջ տուժածներ չկան: Աւերներուն հետեւանքները պիտի ճշդուին:
Արցախի միւս բնակավայրերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ եղած է։