ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` դժուար է ըսել, թէ Արցախի նախագահի ` Ռուսիոյ նախագահին ուղղուած նամակէն ինչ պէտք է սպասել, կամ ինչպէս անոր կ’արձագանգէ ռուսական կողմը:

«Քանի մը օր առաջ Արցախի նախագահը ըսած էր, որ, եթէ Ատրպէյճան շարունակէ խախտել զինադադարը, ապա ան պիտի դիմէ Հայաստանին` Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու համար: Յետոյ եղաւ այս նամակը, որուն մէջ պատերազմը դադրեցնելու դիմումն էր: Պարզ է, որ Արցախը կրնայ բոլորին դիմել, որպէսզի իրեն աջակցին, օգնեն, բայց եթէ այլ նպատակ ունի Արցախի նախագահը իր նամակով, այդ նամակէն աւելին չենք կրնար պատկերացնել ու եզրահանգումներ ընել: Կարելի է ենթադրութիւններ ընել, բայց այս պահուն պէտք չէ առաջնորդուինք ենթադրութիւններով», 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով հարցին, թէ Ռուսիոյ նախագահին ուղղուած նամակէն վերջ հայկական կողմը ի՞նչ պէտք է սպասէ Ռուսիայէն:
Կիրօ Մանոյեանի բնորոշումով` այս պահուն իրավիճակը ռազմաճակատին արագ փոխուող է եւ քաղաքական ու դիւանագիտական բոլոր քայլերը պէտք է բխին այդ փոփոխութիւններէն:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ գործողութիւններուն եւ Էրտողանի յայտարարութեան, որ, եթէ Ռուսիան մասնակցած է Արցախի հակամարտութեան, ապա նոյն իրաւունքով կրնայ մասնակցիլ նաեւ Թուրքիան, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, որ Ռուսիան` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ, այլ ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ:
«Թուրքիան սկսած է ամէն տեղ խօսիլ, եւ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծել, որ աշխարհի մէջ ինքն է որոշողը, թէ ուր զինադադար պիտի ըլլայ, ուր` ոչ: Օրինակ, Լիպիոյ հետ կնքած զինադադարի մասով Թուրքիան կարծես այդքան ալ գոհ չէ, հոն ալ կողմերէն մէկուն Թուրքիան բացայայտ աջակցութիւն ցուցաբերած էր: Այսինքն` Թուրքիոյ դերակատարութեան դրական մասը մինչեւ օրս մենք որեւէ տեղ չենք տեսած, տեսած ենք միայն բացասականը` սկսեալ Սուրիայէն` մինչեւ Եւրոպայի դաշնակիցներուն հետ ունեցած հարցերը: Թուրքիան ինչ-ինչ նպատակներով ու պատճառներով, առաջին կարգին իր ազդեցութիւնը մեծցնելու նկատառումներէն ելլելով, կը փորձէ Ռուսիոյ հետ հաւասար-հաւասարի խօսիլ եւ իրականացնել իր համաթրքական նպատակները: Հիմա Թուրքիան կը փորձէ մեր տարածաշրջանին մէջ ընել այնպիսի բաներ, որոնք որեւէ ձեւով չեն կրնար օգտակար ըլլալ տարածաշրջանի որեւէ երկրի , անոնք կրնան միայն Թուրքիոյ համար լծակներ ստեղծել իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու համար», ըսաւ Կ. Մանոյեան:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստան ամէն ինչ պէտք է ընէ, որ Թուրքիան դուրս մղուի ոչ միայն այս պատերազմէն, այլեւ տարածաշրջանէն: Անոր կարծիքով` երկրորդը բաւական բարդ է, այսինքն` Թուրքիան տարածաշրջանէն դուրս մղելը, իսկ առաջինը բոլորը պիտի տեսնեն, ընդհուպ` միջազգային հանրութիւնը, եւ բոլորն ալ այդ ուղղութեամբ առնուազն հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով: