«Հորիզոն».- 27 Հոկտեմբերին, Քանատայի Ծերակոյտի հերթական նիստին, Ծերակոյտի անդամ եւ Քանատայի Վերին Պալատի նախկին խօսնակ Լէօ Հուսաքոս յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ, յայտնելով, որ Ծերակոյտի սեղանին քննարկման պիտի յանձնէ իր կողմէ ներկայացուած բանաձեւ, ընդ որում կը պահանջուի Քանատայի կառավարութենէն դատապարտելու թուրք-ատրպէյճանական զինուորական յարձակումը Արցախի վրայ եւ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը։
Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ ծերակուտականը նաեւ կոչ ըրաւ Քանատայի կառավարութեան, որպէսզի մշտականօրէն կասեցնէ գանատական զինուորական սարքերու վաճառքը Անգարայի, այս մասին կը հաղորդէ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը: